image

Տաւուշէն ետք. Բողոքի հաւաքներ Հայաստանի տարբեր շրջաններու եւ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ

Տաւուշէն ետք. Բողոքի հաւաքներ Հայաստանի տարբեր շրջաններու եւ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քաղաքացիները փողոցներ եւ ճանապարհներ փակած են։

Ներկայ պահուն փակ են Երեւան–Սեւան, Երեւան–Մեղրի, Երեւան–Գիւմրի միջպետական ճանապարհները, ինչպէս նաեւ Մարտունի քաղաքի մէջ փողոց փակուած է։

Քաղաքացիները բողոք կ՚արտայայտեն Տաւուշի մարզի մէջ ՀՀ կառավարութեան կողմէ Ատրպէյճանին միակողմանի զիջումներու դէմ:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիսթինէ Վարդանեանը դիմատետրի իր էջին գրած է, որ Երեւան–Սեւան ճանապարհին քաղաքացիներու հետ են պատգամաւորներ Արման Ղազարեանը եւ Մհեր Սահակեանը։

Քաղաքացիներու խումբ մըն ալ արշաւ կ՚իրականացնէ Հայաստան-Մեղրի միջպետական ճանապարհին` Տիգրանաշէնի հատուածին մէջ։ Այս հատուածին մէջ ալ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արթուր Սարգսեանը եւ Աղուան Վարդանեանն են, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ–ական Գերասիմ Վարդանեանը։

Բոլոր հատուածներուն մէջ ոստիկանական ուժերու կուտակումներ են, կը փորձեն բանալ ճանապարհը։ Տիգրանաշէնի հատուածին մէջ Աղուան Վարդանեանը ոստիկաններուն յայտնած է, որ նաեւ իրենց համար ճանապարհը կը փակեն եւ շուտով այս բողոքի արշաւները պիտի տարածուին ամբողջ հանրապետութեան մէջ։

Տիգրանաշէնի հատուածին մէջ ներկայ պահուն լարուած իրավիճակ է։ Ոստիկանութեան եւ Երեւան–Մեղրի ճանապարհը փակած քաղաքացիներու միջեւ քաշքշուկ սկսած է։ Իրաւապահները սկսած են բերման ենթարկել բողոքի հաւաք իրականացնողները։

Աւելի ուշ Տիգրանաշէնի հատուածին մէջ լարուած իրավիճակ ստեղծուեցաւ` ոստիկանութեան եւ Երեւան–Մեղրի ճանապարհը փակած քաղաքացիներու միջեւ քաշքշուկ սկսաւ։ Իրաւապահները սկսան բերման ենթարկել բողոքի հաւաք իրականացնողները, անոնց շարքին է նաեւ ՀՅԴ–ական Գերասիմ Վարդնաեանը։ Այդ հատուածին մէջ հաւաքուածները որոշեցին երթալ Արարատ գիւղ` սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի ծննդավայր։

Տաւուշի մարզի մէջ ալ լարուած իրավիճակ է, քաղաքացիներուն, որոնք փակած են Բագրատաշէնի ճանապարհը, կը փորձեն բերման ենթարկել։ Այնտեղ են նաեւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Գառնիկ Դանիէլեանը, ինչպէս նաեւ Գեղամ Մանուկեանը։

Վե՛րջ զիջումներուն. ՀՀ կառավարութեան շէնքի մօտ բողոքի հաւաք է

Հասարակական գործիչ Վահագն Չախալեանի նախաձեռնած «Կամք» շարժման անդամները բողոքի արշաւ կ՚իրականցնեն ՀՀ կառավարութեան շէնքի դիմաց։ Անոնք կը պահանջեն վերջ տալ Տաւուշի մարզի մէջ զիջումներուն։

«Մենք այսօր պայքարում ենք, որ Հայաստանի ներկայիս իշխանութիւններն Արցախը յանձնելուց յետոյ չգնան տարածքային նոր զիջումների` հիմա էլ Տաւուշում»,–ըսած է Չախալեանը։

Անոր խօսքով` հայ ժողովուրդի խնդիրն այն է, որ այժմ չկայ համախմբում, որմէ ալ կ՚օգտուի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Չախալեանն ընդգծած է, որ ՀՀ իշխանութիւնը բանակցութիւններու անուան տակ այժմ հայ ժողովուրդի շահերէն չբխող որոշումներ կը կայացնէ։ Ան վստահ է, որ Փաշինեանը անկեղծ չէ ժողովուրդի հետ։

«Ասեմ աւելին` Ալիեւն այժմ հայ ժողովրդիի հետ աւելի ազնիւ է, բացայայտ ասում են` ինչ են ուզում»,–ըսած է ան։

Նշենք, որ հաւաքի ընթացքին կառավարութեան շէնքէն դուրս եկած է ՀՀ ՄԻՊ Անահիտ Մանասեանը։ Արշաւի մասնակիցները անոր տեսնելով` սկսած են վանկարկել «ամօթ», քանզի ան ոչ թէ ժողովուրդի շահերը կը պաշտպանէ, այլ ՀՀ իշխանութեան։

Քաղաքացիները փակած են Երեւանի Չարենց փողոցի սկզբնամասը

Քիչ առաջ քաղաքացիները փակած էին Երեւանի Չարենց փողոցի սկզբնամասը:

Այս կերպ քաղաքացիները իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Տաւուշի մէջ միակողմանի զիջումներու դէմ պայքարող հայրենակիցներուն։

Երեւանի Չարենց փողոցէն բերման ենթարկուած է Էդգար Ղազարեանը եւ ցոյցի այլ մասնակիցներ

Երեւանի Չարենց փողոցին վրայ քաղաքացիները փակած են ճանապարհը։

Բողոքի արշաւի մասնակից հասարակական-քաղաքական գործիչ Էդգար Ղազարեանը յայտարարած է․

«Հայաստանում փակ է Գորիս-Կապան ճանապարհը, Ճակատէն-Կապան ավտոճանապարհը, ՀՀ իշխանութիւններն ու ոստիկանութիւնը չեն կարողանում բացել այդ ճանապարհները ՀՀ քաղաքացիների համար։ Նրանք կարողանում են միայն բիրտ ուժ կիրառել անպաշտպան կանանց նկատմամբ»,- ըսած է ան։

Ցոյցին ներկայ են նաեւ ԱԺ պատգամւորներ, այլ գործիչներ։

Ոստիկանական ուժերը բերման ենթարկած են արշաւի մասնակիցները, այդ շարքին Ղազարեանը, Նայիրա Զոհրապեանը եւ Լարիսա Ալավերդեանին։