image

Տարօն Աճէմօղլու. «Մտահոգ եմ Թուրքիոյ ապագայով»

Տարօն Աճէմօղլու. «Մտահոգ եմ Թուրքիոյ ապագայով»

Աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու իր «թուիթըր»եան գրառումներով մեկնաբանեց վերջին ընտրութիւններու արդիւնքները 11 անջատ գրառումներով։

Աճէմօղլուի համաձայն արդիւնքը ընկալելու համար պէտք է ընդունինք որ թուրք ընտրողները ալ աւելի ազգայնական դարձած են։ Նախագահը եւ իր գործընկերները ԶԼՄ-ները ամբողջովին հսկելով հրահրեցին ազգայնականութիւնը եւ ընդդիմադիրները մեղադրեցին քիւրտ անջատողականներու հետ համագործակցելով։ Յաւելեալ Քըլըչտարօղլուի ալեւի ծագումը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցաւ արդիւնքներու վրայ։ Տնտեսութեան սխալ ղեկավարումը եւ զեղծարարութթիւնները շատերուն կարծիքին, մինչ այդ իմ նաեւ կանխատեսած են աւելի նուազ նշանակութիւն ունեցան։ Ամենացնցիչ երեւոյթը Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան երկրաշարժէն տուժած շրջաններուն մէջ արձանագրած յաջողութիւնն է։ Յայտնի է որ այստեղ բնակարանաշինութեան եւ աշխատանք ապահովելու մասին խոստումները գործի ծառայեցին։

Անգամ մը եւս պարզուեցան որ շատերս արժանի լրջութեամբ չենք գնահատած Էրտողանի քաղաքական յատկութիւնները եւ ընթացքը ճշգրիտ արժեւորելով հսկելու կարողութիւնը։ Այս բոլորը թրքական հաստատութիւններու ապագային հանդէպ մտահոգիչ ազդանշաններն են։ Դատական համակարգը եւ գործադիր իշխանութիւնները կորսնցուցած են իրենց անկախութիւնը։ Կեդրոնին շինարարական ոլորտին գտնուած զեղծարարութիւններու ցանցը լուրջ սպառնալիք մը ըլլալ կը շարունակէ։ Թէեւ իշխող կուսակցութիւնը որոշ չափով ուժեր կորսնցուց, բայց միւս կողմէ ընդդիմութիւնը ալ աւելի տկարացաւ։ Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութիւնը դաշինքը պահելու համար իր գործընկերներուն աթոռներ տալով սխալած կրնայ ըլլալ։ Ալ աւելի մտահոգիչ է այն պատկերը, երբ իշխանութիւնը իր պատսպարեալներու ցանցը ամուր պահելու համար երկրի պաշարները սպառեց եւ խոստումներով ալ աւելի մեծ ծախսերու պիտի ենթարկուի։ Ես ալ չեմ գիտեր թէ երկիրը այս տնտեսական անկումին ինչպէս պիտի դիմադրէ։ Ես այս մասին ազդանշան մը չեմ տեսներ։ Տնտեսական ճգնաժամի դէմ պայքարը ստանձնելու կարող շատ քիչ մարդ կայ եւ հաւանաբար զեղծարարութիւնները պիտի շարունակուին։ Մտահոգ եմ տնտեսութեան եւ ժողովրդավարութեան ապագայէն։