image

Տարիքը յարգել…

Տարիքը յարգել…

Լիբանանահայ օգտատէր՝ Սագօ Գասապեան կը գրէ՝ 

«Տարիքին ալ չի նայիր կոր...», եւ նման տհաճ խօսքեր:

Տարիքը..., տարիքը վերջապէս, պէտք է յարգել. անոր պէտք է տալ արդար գնահատանքը: Յառաջացած տարիքի մարդուն հարստութիւնը ընտանիքն է, եւ եթէ դեռ ունի՝ քանի մը հարազատ ընկեր, ուրիշ ոչի՛նչ:

Տարիքի խնդիրը շատ կարեւոր է. ըլլայ անձնական, թէ հասարակական կեանքի մէջ:

Երգեր կան այս թեման շօշափող, պատմութիւններ ալ կան: Օրինակ, կ'երգուի Վանեցի Կտրիճին երգը, այդ ալ փոթորկալից խանդավառութեամբ,- 

«Հազիւ լրացաւ քսան մէկ տարիս,

Աղուամազ բուսաւ երես ծնօտիս,

Թշերէս կարմիր վարդեր կը կաթին,

Ջիղերս ամուր՝ ասես երկաթի։

Տուէք ինձ սարեր՝ սարեր կործանեմ,

Ծառը արմատով գետնէն կը հանեմ,

Սուր ակռաներով երկաթ կը ծամեմ,

Մէջս այդքան ուժ, ասէ՛ք ին՞չ անեմ»։

Այս ա՛յն տարիքին է, որ այս տողերը ե՛ւ նպատակ են, եւ միջոց, եւ ամէ՛ն ինչ՝ որ անձը կը հասկնայ եւ չի հասկնար: Անձը այս տարիքին կը կերտուի, կը սիրէ եւ կը սիրուի, կը սորվի իր սխալներէն, ժամանակի ընթացքին կը մաղէ զանոնք, եւ սխալներուն գինը իր գրպանէն տալով, կ'անցնի կեանքի աւելի հասուն տարիք: Ոմանք ուրիշի՛ն սխալով կը սորվին՝ առանց բան մը վճարելու, ոմանք ալ կ'ընեն սխալներ, որոնց գինը բոլրը կը վճարեն:

Եթէ նկատեցիք, տարիքային նախորդ հանգրուանը՝ մինչեւ 20 տարեկան, զանց ըրած ենք:

Երգեր շատ են, կան նաեւ պատմութիւններ. երկուքէն ալ կ'եզրակացուի, որ անձը իր երեսունական եւ քառասունականներուն կու տայ իր լաւագոյնը. այդ «լաւագոյն»ը պայմանակա՛ն է բայց. ոմանց համար «լաւագոյն»ը բա՛ն մըն է, ուրիշներուն համար ա՛յլ բան: Ուսումով, աշխատանքով, շրջապատի կազմութեամբ, ծնողքին եւ ընտանիքին կողքին կենալով, անկարին նպասելով, կամաւոր ծառայութեամբ, օտարի՛ն իսկ օգնելով՝ իրենց «լաւագոյն»ը տուողներուն հակառակ կողմը կը յայտնուին անգրագէտ, ծոյլ, շրջապատէն մերժուած, ծնողքն ու ընտանիքը անտեսող, անկարը օգտագործող, դիրքը շահագործող, նոյնիսկ օտարէ՛ն օգտուող՝ «լաւագոյն» «տուող»ները: 

Մի՛շտ այսպէս եղած է, ամէ՛ն տեղ այսպէս է, այս գրութիւնը բան պիտի չփոխէ. եւ այսպէս, կարդալով պիտի հասնինք հոն՝ ուր Յարութ Փամպուքճեանը պիտի երգէ,-

«Յիսուն տարիս կոտրեց դուռս

Սեւ մազերս տափեց բուռս

Ծերութիւնս չոքեց դուռս

Էլ ես ումից առնեմ մուռս.

Հալալ է քեզ պայծառ արեւ

Ճերմակեցրիր մազերս սեւ

Էլ ինչ սրտով տամ քեզ բարեւ

Կեանքս դարձրիր աշնան տերեւ…»

Հոս, կու գայ այն պահը, երբ մարդ կը սկսի մտածել այդ երեք բաժիններուն մասին, որ Կեանքի ձեւով տրուած է իրեն Աստուծոյ կողմէ: Հոս է որ ան անմիջապէս պիտի մտածէ, թէ այդ երեք (առաւելագոյնը երեքուկէս) բաժինէն երկու բաժինը արդէն սպառած է: Ետին մնացած են այն ամէն ինչը, որ ըրած է, կամ… չէ՛ ըրած: Հոս, «Ժամանակ» ըսուածը պիտի ստանայ «Ամենայարգի բանը» տիտղոսը: Հոս, վերջին առիթն է, գրեթէ ամենախճողուածը ժամանակի առումով՝ սրբագրելու կամ վերականգնելու սխալները կամ սխալմունքները. հոս երգին թոնը կը փոխուի. կը փոխուի նաեւ մեղեդին, եւ կը լսուի,-

«... Հասակ մը կայ մեր կենաց մէջ, Ուր ամենայն իղձ կ’աւարտի...»:

Հոս, գիտցիր որ ո՛չ 65, ո՛չ ալ 70-ը մէկ հատ ալ պիտի տեսնես: 75-էն ետք, արդէն լաւագոյնդ պիտի տաս, փոխանցես՝ լաւագոյններուն, ձգելով որ պատմութիւնը քեզ յիշէ ինչպէս որ էիր, անշուշտ եթէ էի՛ր: Պիտի հասկնաս որ այս տարիքին սուր ակռաներ չունիս, պիտի համոզուիս որ ջիղերդ ամուր չեն այլեւս՝ ինչպէս երկաթի. դուն այլեւ սարեր չես կրնար կործանել, ծառը արմատով գետնէն չե՛ս կրնար հանել, ակռաներդ... «տախմա» են, երկաթ չե՛ս կրնար ծամել. մէջդ այդքան ուժը... ըսի՛նք ինչ ընես: 65-էն ետք, ինչքան ալ հոգիդ երիտասարդ ըլլայ, չե՛ս կրնար սիրահարուիլ, չե՛ս կրնար ընել ա՛յն՝ ինչ որ քսան տարեկանը կ'ընէ, եւ ինչ որ դիտմամբ զանց ըրինք այս գրութեան վերի բաժնէն: Այլապէս պիտի լսես «Տարիքին ալ չի նայիր կոր...», եւ նման տհաճ խօսքեր:

Տարիքը..., տարիքը վերջապէս, պէտք է յարգել. անոր պէտք է տալ արդար գնահատանքը: Յառաջացած տարիքի մարդուն հարստութիւնը ընտանիքն է, եւ եթէ դեռ ունի՝ քանի մը հարազատ ընկեր, ուրիշ ոչի՛նչ:

Յառաջդիմական երկիրներու մէջ որոշ տարիքէ մը ետք, գիտէք, թոշակի կ'երթան, կը դադրին աշխատանքէ, կը ստիպուի՛ն հանգիստ ընել: Նոյնիսկ մեքենայ վարելու իրաւունք չեն կրնար ունենալ, այդ տարիքէն ետք ինքզինք կառավարել չկարողանալու վախէն: Հոն տեսա՞ծ էք 75 տարեկան ինչ որ պաշտօնի համար թեկնածուներ. չկա՛ն: Տեսա՞ծ եք իրենց տիտղոսը անընդհատ յիշեցնողներ, չէ, չկա՛ն: Ահա ասոնք արդէն վաստակած են բնական ձեւով եկած յարգանք, որ բնական ձեւով կու գայ, որովհետեւ իրենց տարիքը նախ, իրե՛նք յարգած են:

Լուսահոգի երեց ընկերս՝ Ֆիտելը Գասթրոն, ո՛չ թէ միայն զինուորական բոլոր կոչումներէն, այլ ամբո՛ղջ Գուպայէ՛ն վազ անցաւ, ի տես իր յառաջացած տարիքին. ան գիտէր, ինծի ալ օր մը երբ առանձին էինք ըսաւ, որ, ծերութեան չի կրնար ո՛չ յեղափոխական ըլլալ, ո՛չ ալ յեղափոխութիւն ղեկավարել: