image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի վաղուան ուղին․ վախերու եւ հնարաւորութիւններու միջեւ

Հայաստանի վաղուան ուղին․ վախերու եւ հնարաւորութիւններու միջեւ

Իւրաքանչիւր ընտրութիւն իր հետ կը բերէ խոստումներ, պայքար եւ յոյս։ Բայց մեր իրականութեան մէջ ընտրարշաւները շատ յաճախ կը վերածուին փոխադարձ մեղադրանքներու, անձնական վիրաւորանքներու եւ ցեխարձակումներու ։ Քաղաքական պայքարը, կարծես, այլեւս գաղափարներու մրցակցութիւն չէ, այլ՝ միմյանց արժեզրկելու փորձ։ Այդ յորձանուտին մէջ ինքս ալ ինկած եմ եւ երբեմն, ֆէյսպուքեան տիրոյթին մէջ իմ կարգ մը գրառումներուս համար յարձակման կ՚ենթարկուիմ թէեւ ես երբեք, ոչ մէկուն առանձնապէս չեմ վիրաւորեր: Այո, իմ քաղաքական կողմնորոշումս, եւ գալիք ընտրութիւններուն նախընտրութիւնս, ներկայ իշխանութիւններն են, եւ այս չի նշանակեր որ անոնք իտէալական են, աւելին՝ չի նշանակեր նաեւ որ քաղաքական դաշտին մէջ այլ լաւ եւ իմ քաղաքական թեքումին հետ համընկնող գաղափարներով օժտուածներ չկան: Ի հարկէ կան, սակայն դժբախտաբար անոնցմէ ոչ մէկը այսօրուայ իշխանութիւններուն մարդկային, կազմակերպական եւ այլ ռեսուրսները ունի եւ անոնց օգտին տրուելիք իմ քուէն անիմաստ պիտի ըլլայ եւ փոշիանայ պարզապէս: Հիմա գալով այս իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան հիմնական տարբերութիւններուն եւ անոնց գաղափարախոսութեան եւ ծրագիրներուն տարբերութեան եւ անոնց արդիւնքներուն եւ հետեւանքներուն Հայաստանի պետութեան վրայ իմ կարծիքով հետեւեալներն են: 

Ընդդիմութեան գաղափարախօսութիւնը եւ քաղաքական արեւելումը յստակօրէն, բացայատ եւ յայտարարուած ձեւով, ռուսական է, որու հետեւանքները տեսանք առնուազն վերջին քառասունչորս օրեայ պատերազմին ընթացքին ու անկէ վերջ: Ընդդիմութեան հակափաստարկը եւ ռուսական այդօրինակ հակահայ քաղաքականութիւնը երբեմն բարձրաձայն արդարացուած եւ բացատրուած է Ռուսական Դաշնութեան Ուքրաինայի պատերազմին համար պատրաստութեամբ ապա եւ զբաղուածութեամբ: Ահա այստեղ մտորումներու դուռ կը բանայ Ռուսաստանի հետագայ քաղաքականութիւնը: 

Այո, պիտի գայ այն օրը երբ Ուքրայինայի պատերազմը վերջ պիտի գտնէ եւ ռուսերը իրենց հաեացքը վերստին պիտի ուղղեն Կովկասի ուղղութեամբ, սակայն ինչ՞ նոր իրավիճակի մէջ կրնայ ըլլալ տարածաշրջանը հետագային: Ահա կարգ մը հաւանականութիւններ որոնք ռեալփոլիթիք կը թուին ըլլալ: 

1- Ռուսաստանը այս անգամ ներկայ Հայաստանի վրայ իր արբանեակ իշխանութիւններով, կրնայ որեւէ փոխշահաւէտ գործակցութեան առկայութեան, զիջի այս անգամ Հայաստանէն որոշակի մաս մը փոխան այլ շահաւետ գործարքի մը Թուրքիոյ կամ Ատրբէյջանի հետ: Անցեալ դարու սկզբին այդպէս վարուած էր Արարատի, Սուրմալուի, Կարսի եւ Արտահանի գավառներուն հետ, այդ՝ մասնաւորաբար Արարատի խիստ ռազմավարական նշանակութեան լերան՝ որ ուղղակի կը տիրապետէր Հայաստանի, Վրաստանի եւ Իրանի տարածքներուն վրայ, փոխան Պաթումիի շրջանի Խորհրդային Միութեան կցման որ անիմաստ էր քանի քիչ դէպի հիւսիս նոյն Սեւ Ծովի տարածքն էր: 

2- Ինչով ապահովուած է Ադրբէյջանի լիակատար համաձայնութիւնը Ռուսաստանի Կովկաս եւ Ադրբէյջան վերադարձին նկատմամբ: Կը կարծեմ որ աւելի հաւանական է Ադրբէյջանի, Վրաստանի եւ Հայաստանի միչեւ  միասնականութիւն ռուսական ազդեցութեան վերադարձին մերժման համար: 

3-Ինչ՞ մարդկային ռեսուրսով Ռուսաստանը շարունակելու է իր ընդլայնման քաղաքականութիւնը, ճնշելով տասներկու մնացեալ հանրապետութիւնները գումարած իր իսկ դաշնութեան այլազգի ազգութիւնները: Չէ՞ որ բոլոր այդ ազգութիւնները եւ Միջին Ասիական հանրապետութիւնները ի վերջոյ տառապած են այդ կայսրութեան մէջ եւ հիմա անկախացած ըլլալով իրենց կարգին սեփական քաղաքականութիւն որդեգրելու եւ այդ ազդեցութենէն ձեռբազատուելու նախանշանները արդէն իսկ ցոյց կուտան, իրենց հայացքը դէպի Չինաստան բայց մասնաւորաբար Արեւմուտք ուղղելով: Ռուսերը ժողովրդագրական լուրջ ճգնաժամի դէմ յանդիման են որ օր ըստ օրէ կ՚ահագնանայ մինչ Իսլամ ազգութիւնները կ՚աճին. այսօր ռուսական բանակի իսլամներուն թիւը կը կազմէ մօտաւորապէս ընդհանուրի 10 տոկոսը եթէ ոչ աւելին իսկ Ռուսաստանի բնակչութիւնը որ կը հաշուէ 144 միլիոն մարդ, ըստ տարբեր ժողովրդագրական հաշուարկներու 2050-ին նուազելու է  մինչեւ 130 միլիոն մարդու, մինչ Միջին Ասիական թուրքացեղ եւ իսլամ հինգ երկիրներու բնակչութիւնը 2050 ին՝ ըստ ՄԱԿ-ի Worldmeter -ի միասնաբար հասնելու է 114 միլիոնի, չհաշուած Ռուսական Դաշնութեան այլազգիները եւ Ադրբէյջանը: 

Հիմա անցնինք ՔՊ-ի բռնած ուղղութեան: Այո, ի հարկէ այնտեղ ալ կան ռիսկեր եւ մարտահրաւերներ, ներառեալ գոյութենական: 

1-Ճանապարհները ապաշրչափակելով եւ ուղղակի բաց սահմաններով թէ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ադրբէյջանի հետ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու “վատթարացման” զուգահեռ, իսկապէս մտահոգիչ է զուտ ռազմական գետնի վրայ, սակայն ռուս-ուքրանական պատերազմին ընձեռած այս առիթէն աւելի երբ՞ ուրիշ յարմար ժամանակ այդ երկուքին կողմէ միասնաբար Հայաստան ներխուժելու առնուազն Զանգեզուրը խլելու համար: Թուրքիոյ բանակին համար Սիւնիքի 25 քիլոմետր լայնքը եւ տարածքը ներխուժելու համար թերեւս մէկ օրուայ ռազմական գործողութիւն բաւական է, իսկ ամբողջ Հայաստանի հանրապետութեան համար թերեւս մէկ շաբաթ: Թուրքիոյ բանակը որ ՕԹԱՆ-ի ( ՆԱՏՕ ) ամենամեծ միաւորն է կը հաշուէ 481000 մարդ, յագեցած նոյն կազմակերպութեան ամենաարդիական սպառազինութեամբ: Այդ որ օրուան կը սպասեն անոնք, այդ իրենց Փանթուրանիզմական ծրագիրը իրականացնելու, Հայաստանի մէկ անկիւնը Գիւմրիի մէջ ապաստան գտած ռուսական 3000 անոց վաշտը՞ արգելք է այդպիսի գործողութեան մը, թէ՞ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի արգելքը, չհաշուած դեռ, կատարուած իրողութեան ( տէ ֆակտո ) իրավունքը: 

2-Այս շրջափակուած տարածքով մինչեւ երբ՞ կարող է մեր տնտեսութիւնը դիմանալ, չէ՞ որ ակնյայտ է որ մարդիկ աւելի լաւ ապրելու համար միշտ ալ ձգտելու են արտագաղթելու, ու հազիւ մէկ հոգի ընտանիքէ մը արտագաղթէ, անոր հետեւելու են ուշ կամ կանուխ ընտանիքի միւս անդամները ապա ազգականները եւ նոյնիսկ հարեւանները, միթէ՞ այդպէս չէ եղած մինչեւ հիմա: 

3- Փանթուրանիզմի հեքիաթը միշտ ալ հրապարակ նետուած է: Այդ եղած է իսկապէս անցեալին երբ տարածքները գրաւելը պայման էր ազդեցութիւնը տարածելու, իսկ այսօր այդ անիրական է: Փանթուրանիզմի եւ Թուրքիոյ դէպի արեւելք ֆիզիքապէս տարածման ամենամեծ արգելքը մեր փոքր երեք միլիոնանոց երկիրը չի կրնար ըլլալ, անոր դէմ կանգնած հիմնական պատուարը հենց Թուրքիոյ արեւելքը հաստատուած 20 միլիոնանոց քրտական տէ ֆակտո “երկիրն” է իր մարտունակ ժողովուրդով: Այդ իրագործելու համար այդ ստուար բնակչութիւնը պետք է հեռացնել որ անկարելի է: 

Երկրորդ արգելքը Ատրպատականի ( Իրանական ադրբէյջանի ) թրքալեզու ժողովուրդն է որոնք շատ աւելի Իրանի հաւատարիմ են եւ իրանցի կը զգան իրենք զիրենք, որովհետեւ իրանական ծագում ունին եւ այդ քաղաքակրթութեան կը պատկանին եւ միայն մոնկոլներու տիրապետութեան ժամանակ թուրք լեզուն որդեգրած են ինչ ինչ պատճառներով:

Երրորդ արգելքը նոյնինքն Ադրբէյջանն է եւ մնացեալ Միջին Ասիական հինգ երկիրները՝ ի դէպ անոնցմէ Տաջիկիստանը իրանական ժողովուրդ է: Այդ երկիրները ոչ մէկ պարագային իրենց ընթերքի հարստութիւնը պիտի ուզեն բաժնել Թուրքիոյ հետ, եւ այդ երկիրները իրար հետ անգամ խոր տարակարծութիւններ եւ անգամ տարածքային վեճեր ունին: Անոնց համար փանթուրանիզմը հեքեաթ է: Արաբական 22 երկիր կայ եւ մեծամասնութիւնը քարիւղով հարուստ. մէկ անգամ Ճամալ Ապտէլ Նասէրը փորձեց միայն անոնցմէ մէկուն՝ Սուրիոյ հետ միանալ, եւ ընդամէնը երկու տարի ետք փլուզուեցաւ այդ միութիւնը: 

Չորրորդ արգելքը ընդհանրապէս Արեւմուտքն է: Այդ ինչպէս՞ եւ ինչու՞ Արեւմուտքը եւ նոյնիսկ Չինաստանը պիտի թոյլատրէ նոր գերպետութեան մը ստեղծումը: 

Նոր տարածքներ ընդհանրապէս անհրաժեշտ չեն Թուրքիոյ համար, անոր եւ Արեւմուտքին, հարաւին եւ Արեւելքին անհրաժեշտ են ճանապարհներ հաղորդակցութեան, ամենամօտ եւ ամենաաժան ճանապարհներ, իրենց տնտեսութիւնները զարգացնելու, աւելի բարգաւաճելու համար: Այդպէս եղած է բոլոր դարերու ընթացքին, մարդկութիւնը միշտ փնտրած է եւ ստեղծած իր “ մետաքսի ճանապարհ”ը: Այդ մեր տարածքով անցնող ճանապարհը վերջաւորութեան Հիւսիսին համար ալ ձեռընտու պէտք է ըլլայ, ուղղակի առայժմ չի հանդուրժեր այդ ճանապարհի բանալին բուն տիրոջ ձեռքին ըլլալուն: 

Այո կը մնայ այն շատ խոսուած ռիսկը որ թրքական արտադրութիւնները՝ մասնաւորաբար գիւղատնտեսականը, ողողեն Հայկական շուկան եւ մրցակցին հայրենի արտադրութեան հետ: Այդ ռիսկը դիմագրաւելու ուղիները անպայման որ կը գտնուին. նոյն Եւրոպան այդ ռիսկերը դիմագրաւած եւ անոնց լուծում գտած է, որովհետեւ վստահաբար արեւելեան եւրոպական ԵՄ ի երկիրներու գիւղատնտեսական արտադրութիւնները եւ արդիւնաբերութիւնը աւելի աժան են քան արեւմտեանը: Ամբողջ Արեւմուտքը կարողացած է դիմանալ եւ դիմագրաւել չինաստանի անհամեմատ աւելի աժան արդիւնաբերութիւնը եւ մնալ ամենաբարգաւաճ մակարդակներուն: Անոնք ուժ տուած են որակին: Մենք ալ մեր սակաւահող երկրին մէջ ձեւը ի վերջոյ կը գտնենք որակը բարձրացնելու, նորագոյն մեթոտները կիրառելու որպէսզի նոր շուկաներ ընդարձակուինք: Իսրայէլի գիւղատնտեսութեան օրինակը ուսանելի է, ուր բացարձակապէս անջրդի եւ գետերէ զուրկ Նեկեվի անապատին մէջ կ՚աճեցնեն ամենահամեղ եւ որակաւոր բոյսերը, միրգերը եւ բանջարեղենը որոնք ինքնաբաւ կը դարձնեն 10 միլիոնանոց բնակչութեանը եւ նոյնիսկ կարելի կը դարձնեն զանոնք արտահանել դէպի Եւրոպա: Գիւղատնտեսութեան կարգին կրնանք զարգացնել նորագոյն արհեստագիտութիւնը ինչպէս արհեստական բանականութեան ոլորտը որ մեծ կարողականութիւն պիտի ունենայ շատ շուտով մեր երկրին մէջ: Իսկ զբոսաշրջութեան մարզը միայն երեւակայել պետք է թէ որքան կրնայ զարգանալ ճանապարհներու ապաշրջափակումէն եւ խաղաղութեան հաստատումէն ետք: 

Հիմա մեզմէ կախեալ է թէ որ ուղղութիւնը պիտի նախընտրենք յաջորդ ընտրութիւններուն: Մշտական կախուածութիւնը՞ անորոշ ապագայով եւ մեզ ծայրագավառ համարող կայսրութենէն, թեկուզ եւ ռիսկերով առկայ արեւմտեան աշխարհը որոնք յաղթահարելու պարագային կը զարգանանք, կը բարգաւաճինք եւ կը հզորանանք: Կը հզորանանք որովհետեւ միայն խաղաղութեան պայմաններուն մէջ է որ տնտեսութիւնը կը զարգանայ, արտագաղթը կը դադրի, հայրենադարձութիւնը թափ կ՚առնէ, նոր ներդրումներ կը հոսին դէպի մեր երկիր: 

Ռիսկերը հաշուարկել եւ դիմագրաւել պէտք է, ո՛չ թէ անոնցմէ փախուստ տալ ու մնալ լճացած: Մարդկութիւնը զարգացում ապրած է ռիսկերը եւ մարտահրաւերները դիմագրաւելով եւ զանոնք յաղթահարելով: 

Այս երկու ուղղութիւններէն մէկն է որ պիտի ընտրենք Յունիսի 7-ին:

 

         Աւօ Պօղոսեան