image
Հրատապ լուրեր:

Այն Բանալիները, որոնք դռներէ աւելի՝ սրտեր կը բանան.Գերշ. Տ. Նարեկ եպս.ի գրառումը

Այն Բանալիները, որոնք դռներէ աւելի՝ սրտեր կը բանան.Գերշ. Տ. Նարեկ եպս.ի գրառումը

Կեանքի մէջ երբեմն ամենէն պարզ իրերը կը ստեղծեն  խորիմաստ դասեր։ Բանալին ալ այդպիսի խորհրդանիշ մըն է։ Անիկա միայն դուռ բացող գործիք չէ, այլ նաեւ վստահութեան, համբերութեան, աղօթքի եւ Աստծոյ շնորհքին նշան։ Ամէն դուռ ուժով չի բացուիր․ կան դռներ, որոնք միայն սիրոյ, խոնարհութեան եւ հաւատքի միջոցով կը բացուին։ Իսկ ամենէն կարեւոր բանալիները անոնք են, որոնք խաղաղութիւն, բժշկութիւն եւ օրհնութիւն կը բերեն մարդուն կեանքին մէջ։

Այս  բոլորին մասին իր մտորումները ներկայացուցած է  Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ  եպս. Պէրէպէրեանը։

 Ստորեւ Սրբազան հօր  գրառումը ՝

Բազում  մարդիկ, երբ կը տեսնեն իմ հետ  ունեցած  բազմաթիւ բանալիները, կը հարցնեն․ «Սրբազա՛ն, ինչպէ՞ս կը յիշէք, թէ ո՛ր բանալին ո՛ր դուռը կը բանայ»։

Անգամ մը ալ, Հայաստանի մաքսային կէտին մէջ, երբ սկաներէն անցան բանալիները, պատասխանատուները հետաքրքրուեցան՝ ի՞նչի համար են այս բոլոր բանալիները։ Կէս կատակ, կէս լուրջ պատասխանեցի․ «Ասոնք երկինքի բանալիներն են»։

Բայց հաւանաբար բանալիները կրնան մեզի կեանքի մասին գեղեցիկ դաս մը սորվեցնել։

Առանց բանալիի՝ դուռ մը ճիշդ կերպով չենք կրնար բանալ։ Կրնանք փորձել զայն ուժով բանալ, կոտրել կամ մուտք գործել տեղ մը, ուր մեզի թոյլատրուած չէ մտնել, բայց այդ ո՛չ ճիշդ է, ո՛չ ալ օրինական։

Բանալին կը նշանակէ թոյլտուութիւն։
Բանալին կը նշանակէ վստահութիւն։
Բանալին կը նշանակէ, որ դուռ մը մեզի համար բացուած է ճիշդ ճանապարհով։

Կեանքն ալ այսպէս է։

Չենք կրնար ամէն սիրտ ուժով բանալ։
Չենք կրնար ամէն առիթի դուռը կոտրելով ներս մտնել։
Չենք կրնար ամէն պատասխանի անմիջապէս տիրանալ։

Կեանքի մէջ կան դռներ, որոնք միայն համբերութեամբ կը բացուին։
Կան սրտեր, որոնք միայն բարութեամբ կը բացուին։
Կան յարաբերութիւններ, որոնք միայն վստահութեամբ կը կառուցուին։
Կան վէրքեր, որոնք միայն ներման միջոցով կը բուժուին։
Եւ կան օրհնութիւններ, որոնք միայն աղօթքով կը ստացուին։

Ահա թէ ինչու պէտք է զգուշանանք այն բանալիներէն, որոնք մեր ներսը կը կրենք։

Զայրոյթը կրնայ դուռ մը կոտրել, բայց երբեք չի կրնար զայն իսկապէս բանալ։
Հպարտութիւնը կրնայ ճամբայ բանալ ուժով, բայց խաղաղութիւն չի ստեղծեր։

Սակայն սէրը, խոնարհութիւնը, համբերութիւնը, հաւատքը եւ աղօթքը կրնան բանալ այնպիսի դռներ, որոնք ուժը երբեք չէր կրնար բանալ։

Թող Աստուած մեզի իմաստութիւն տայ՝ գիտնալու, թէ ո՛ր դռներն են մեզի համար։
Թող մեզի համբերութիւն տայ՝ սպասելու այն դռներուն առջեւ, որոնք տակաւին փակ են։
Եւ թող շնորհք տայ, որպէսզի մեր սրտերուն մէջ կրենք այն բանալիները, որոնք խաղաղութիւն, բժշկութիւն եւ օրհնութիւն կը բերեն։