Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Արամ Ա.-ի պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Վատիկանի Սուրբ Աթոռ եւ հանդիպումը Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ ապահովաբար նոր հանգրուան մը կը բանայ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու եղբայրական յարաբերութիւններուն մէջ։
Վատիկանի մէջ կայանալիք այս հանդիպումը ոչ միայն եկեղեցական, այլ նաեւ համամիութենական կարեւոր պատգամ մը կը փոխանցէ ներկայ աշխարհաքաղաքական եւ քրիստոնէական մարտահրաւէրներու լոյսին տակ։
Այցը նաեւ կը վերահաստատէ երկխօսութեան, համագործակցութեան եւ քրիստոնէական միասնականութեան ուղղութեամբ շարունակուող ուղին։
Ստորեւ Վեհափառ Հայրապետի Վատիկան տալիք այցին մասին Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառը Երկուշաբթի, 18 Մայիս 2026-ին, այցելութիւն պիտի տայ Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապին։ Այս մէկը պիտի ըլլայ Վեհափառ Հայրապետին առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Լեւոն Պապին։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը նշելով նաեւ, թէ Քահանայապետի եւ Վեհափառ Հայրապետի միջեւ կայացած Երկուշաբթի օրուան առանձնական հանդիպման պիտի յաջորդէ աղօթքի պահ մը Առաքելական Պալատի Ուրբանոս Ը. մատրան մէջ։
«Նորին Սրբութիւն Արամ Ա. նաեւ պիտի այցելէ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Քահանայապետական Վերատեսչութիւնը եւ Հռոմէական Քուրիայի այլ գրասենեակներ։ Իսկ Մայիս 19-ին, Քահանայապետական Արեւելեան Հիմնարկին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը հրապարակային դասախօսութիւն մը պիտի տայ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու մարտահրաւէրներուն մասին», նշուած է Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Թէեւ այս այցը կը հանդիսանայ Արամ Ա. Վեհափառի առաջին պաշտօնական այցը Լեւոն Պապին հարկ է նշել, որ անոնք հանդիպելու առիթը ունեցան Լեւոն ԺԴ.-ի Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։ Բացի վերոնշեալ հանդիպումներէն Վեհափառ Հայրապետն ու իր պատուիրակութիւնը հիւրը պիտի հանդիսանան նաեւ Լեւոնեան Ք. Հայ Վարժարանին, ի ներկայութեան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ին։
Այս առիթով նշենք նաեւ, որ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը տարբեր առիթներով այցելած է Վատիկան ու հանդիպումներ ունեցած է տարբեր Քահանայապետներու հետ, ինչպէս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի հետ 1997-ին, ստորագրելով համատեղ յայտարարութիւն մը, ապա 2000 թուականի Յոբելենական տարուան առիթով։ Ան այցելած ու հանդիպած է նաեւ երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԶ. Պապին հետ 2008-ին Նոյեմբերին, ապա հայասէր Քահանայապետ Ֆրանչիսկոսին հետ, տարբեր առիթներով` 2014-ին, 2015-ին, 2018-ին, 2021-ին եւ 2024-ին:
Այցելութիւններ, որոնք կը հաստատեն երկու եկեղեցիներուն միջեւ սերտ ու բարեկամական կապերը եւ համամիութենական ուղիով անոնց ընթացքը։
Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կը կազմեն՝
Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան,
Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան,
Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան,
Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան,
Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան,
Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան,
Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան,
Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան,
Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Եմիշեան,
Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան,
Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան
Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան:


