Օրեր առաջ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը կը գտնուէր Երուսաղէմ, ուր հանդիպումներ կ՚ունենանար Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան պատասխանատուներուն հետ, ինչպէս նաեւ կը հանդիպէր համայնքի տարբեր հաստատութիւններու պատկան մարմիններուն եւ անդամութեան հետ։
Ահա այս ծիրէն ներս Պատրիարք Հայրը ուշագրաւ այց մը տուած է Սրբոց Թարգմանչաց վարժարան, ուր տարիներ առաջ գործած է որպէս վարժարանի տեսուչ։
Ստորեւ այցին մասին հրապարակուած կարճ թղթակցութիւնը։
Կ. Պոլսոյ հայոց Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, որ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւար տօնի այս շրջանին իր անդրանիկ ուխտագնացութիւնը կը կատարէ դէպի Ս. Քաղաք, ընդառաջելով հաստատութեանս տեսուչ Արժ. Տ. Արտէն քհնյ. Աբրահամեանի հրաւէրին այցելեց Ս. Թարգմանչաց վարժարան։ Պատրիարքին կ՚ընկերանար գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր՝ 1995-1997 թուականներու միջեւ վարժարանիս տեսուչը եղած ըլլալու հանգամանքը այս այցելութեան կը հաղորդէր յատուկ իմաստ։ Վարժարանի մուտքին տեսուչ հօր կողմէ դիմաւորուելէ ետք, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կարճ պտոյտ մը կատարեց դպրոցէ ներս՝ ամէն քայլափոխին համեմատելով հաստատութեան անցեալն ու ներկան։ Ան գնահատելով կատարուած աշխատանքը՝ գոհունակութիւն յայտնեց վարժարանի ներկայի բարեզարդ վիճակին առթիւ։ Ապա տեսչարանին մէջ կայացաւ ջերմ զրոյց մը Երուսաղէմի, Պոլսոյ եւ առհասարակ սփիւռքի կրթական կեանքն ու առօրեան յուզող այլեւայլ հարցերու շուրջ։ Զրոյցին միացան նաեւ Ս. Թարգմանչաց վարժարանի կրթական մշակներէն ոմանք, որոնք կը պաշտօնավարէին նաեւ Նորին Ամենապատուութեան տեսչութեան շրջանին, կամ եղած էին իր սաները եւ այսօր ընդգրկած էին ուսուցչական ասպարէզը։ Անցեալի յիշատակներով համեմուած ջերմ ու մտերմիկ զրոյցը ընթացաւ ընդունելութեան սեղանի մը շուրջ, գաւաթ մը սուրճի ու աղանդերներու ընկերակցութեամբ։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց տարուած աշխատանքը, շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան համար եւ գոհ տպաւորութեամբ հրաժեշտ տուաւ վարժարանիս։