image
Հրատապ լուրեր:

Տանըլտ Թրամփն ու Ճօ Պայտընը իշխանութեան փոխանցումը սկսելու յուշագիր ստորագրած են

Տանըլտ Թրամփն ու Ճօ Պայտընը իշխանութեան փոխանցումը սկսելու յուշագիր ստորագրած են

ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփը եւ Սպիտակ տան հեռացող ղեկավար Ճօ Պայտընը յուշագիր ստորագրած են, որով կը մեկնարկէ երկրի մէջ իշխանութեան փոխանցման շրջանը՝ ընտրութիւններուն հանրապետականներու յաղթանակէն ետք։ Այս մասին յայտնած է Թրամփի անցումային խումբը։

Որպէս կանոն՝ անցումային գործընթացը կը սկսի ընտրութեան արդիւնքներու հրապարակումէն անմիջապէս ետք: ԱՄՆ-ի ընդհանուր ծառայութիւններու վարչութիւնը մինչեւ նոյեմբեր 9-ը «ակնյայտ» յաղթողին կը տեղեկացնէ իշխանութեան փոխանցման համար միջոցներու, գրասենեակի եւ այլ միջոցներու յատկացման մասին: Նախորդ ընտրական շրջանին այս գործընթացը ձգձգուած էր Թրամփի՝ պարտութիւնն ընդունելէ հրաժարելու պատճառով։

Այս տարի Պայտընի վարչակազմն անմիջապէս յայտարարած է իշխանութիւնը խաղաղ ճանապարհով փոխանցելու պատրաստակամութեան մասին։ 

Թրամփի անցումային խումբը աւելի վաղ յայտարարած էր հարկատուներու գումարները խնայելու եւ նուիրատւութիւններու միջոցով աշխատելու որոշման մասին: Այն նաեւ չի նախատեսեր ընդունիլ օտարերկրեայ նուիրատւութիւններ եւ օգտագործել պետական ​​գոյքը, արհեստագիտութիւնը կամ այլ դաշնային սեփականութիւն:

ԱՄՆ Քոնկրեսի նոր կազմը նախագահի ընտրութեան արդիւնքները պաշտօնապէս պիտի հաստատէ 2025 թուականի յունուար 6-ին։ Տանըլտ Թրամփի երդմնակալութիւնը նշանակուած է 2025 թուականի յունուար 20-ին։