image

Տանըլտ Թրամփ. «Մենք Քիեւին 350 միլիառ տոլար տրամադրած ենք. Ո՞ւր է այդ գումարը»

Տանըլտ Թրամփ. «Մենք Քիեւին 350 միլիառ տոլար տրամադրած ենք. Ո՞ւր է այդ գումարը»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները մօտ 350 միլիառ տոլարի օգնութիւն տրամադրած է Ուքրանիոյ, սակայն այդ միջոցներու օգտագործման վերաբերեալ հաշուետւութիւններու բացակայութիւնը մտահոգիչ է: Ան նաեւ քննադատած է եւրոպական երկիրները Քիեւին աջակցելու հարցով անոնց ֆինանսական անբաւարար մասնակցութեան համար։

Միացեալ Նահանգներու ղեկավարն այս մասին ըսած է Մար-ա-Լակոյի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսին:

«Նախագահ Զելենսքին անցեալ շաբաթ յայտարարած է, որ չէ ստացած Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ուքրանիոյ փոխանցուած միջոցներու անգամ կէսը: Մենք Քիեւին տրամադրած ենք, կարծես թէ, 350 միլիառ տոլար, թերեւս քիչ մը պակաս, բայց այդ զգալի գումար է։ Բայց ու՞ր է այս ամբողջ գումարը: Ո՞ւր կ՚երթայ այն։ Ես երբեք որեւէ հաշուետւութիւն չեմ տեսած այս մասին»,- բողոքած է Թրամփ:

Անոր խօսքով՝ Եւրոպան զգալիօրէն աւելի քիչ ծախսած է Ուքրանիոյ օգնելու վրայ, թէեւ աշխարհագրօրէն աւելի մօտ է։

«Եւրոպան շատ աւելի փոքր տոկոս ներդրած է՝ մօտ 100 միլիառ տոլար: Թէեւ անոնց համար այս պատերազմն աւելի մեծ ազդեցութիւն ունի, քան մեզի համար. մեզի կը բաժնէ ովկիանոսը, իսկ անոնց՝ ոչ»:

Փետրուարի սկիզբը Զելենսքին ըսած էր, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաստատուած մօտ 177 միլիառ տոլարի ռազմական օգնութենէն Ուքրանիան ստացած է մօտ 76 միլիառ տոլար։ Իսկ նոյեմբերին ըսած էր, որ Ուքրանիան չէ ստացած Միացեալ Նահանգներու կողմէ պաշտօնապէս յատկացուած զէնքի նոյնիսկ կէսը, եւ որ Եւրոպան Քիեւին օգնած է ոչ պակաս, քան Միացեալ Նահանգները։