image

Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան մասնակցած է Վատիկանի «Քրիստոնեայ միութեան աղօթք»ի արարողութեան (Լուսանկար)

  Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան մասնակցած է Վատիկանի «Քրիստոնեայ միութեան աղօթք»ի արարողութեան (Լուսանկար)

 Արարողութեան սկիզբը Խաժակ Սրբազան Քահանայապետին փոխանցեց Ամենայն Հայոց Վեհափառի եղբայրական ջերմ ողջոյնները ու լաւագոյն մաղթանքները։

 

 

Հռոմէն վերահասու դարձանք, որ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Մայր Աթոռի յատուկ ներկայացուցիչ  Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան մասնակից դարձած է  օրերս Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած «Քրիստոնեայ միութեան աղօթք»ի արարողութեան։

 

 Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ «Արեւելք»ին ուղարկուած հակիրճ թղթակցականը։

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Յունուար ամսուայ վերջին շաբաթուայ ընթացքին նշուեցաւ Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթ։

Քրիստոնեաներու Միասնականութեան աղօթքի շաբթուան այս տարուայ եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հռոմի Սուրբ Պօղոս տաճարի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի նախագահութեամբ։ Տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու կարգին այս արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Սուրբ Աթոռի մօտ ներկայացուցիչ Գերշ. Տ Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Արարողութեան սկիզբը Խաժակ Սրբազան Քահանայապետին փոխանցեց Ամենայն Հայոց Վեհափառի եղբայրական ջերմ ողջոյնները ու լաւագոյն մաղթանքները։