image

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Երեւան կ՚այցելէ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Երեւան կ՚այցելէ

Պոլսոյ մեր  պաշտօնակից «ԺԱՄԱՆԱԿ»էն վերահասու կը դառնանք,  որ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Անձնական բնոյթով ուղեւորութիւն մըն է այս մէկը։ Պոլիս-Երեւան ուղիղ թռիչքներու վերսկսման զուգահեռ նորին սրբազնութիւնը արդէն առաջին ուղեւորներու շարքին մաս կազմած է։ Իր կեցութեան օրերուն ան կը շփուի Հայաստանի շրջանակին հետ։

Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան յառաջիկայ Ուրբաթ երեկոյեան պիտի վերադառնայ Պոլիս՝ նոյնպէս ուղիղ թռիչքով, որ կը կազմակերպուի «FlyOne Armenia» ընկերութեան կողմէ։