image

Սուտանի հայկական եկեղեցին հրոյ ճարակ դարձած է

 Սուտանի հայկական եկեղեցին հրոյ ճարակ դարձած է

Սուտանի մայրաքաղաք Խարթումի միակ հայկական եկեղեցին հրոյ ճարակ դարձած է։

«Արեւելք»ի սուտանահայ  զրուցակիցը, որ երկու տարի առաջ ընթացք առած պատերազմին հետեւանքով հեռացած է երկրէն, հաղորդեց այս լուրը։Կը նշուի նաեւ, որ Սուտանի պատերազմին մասնակից «Թատախոլ սարիհ» անունով յայտնի հրոսակները երկար ժամանակէ ի վեր կը տիրապետէին մայրաքաղաքի այն հատուածին, ուր կը գտնուէր Հայց. Առաքելական  Սուրբ Գէորգ եկեղեցին ու միայն վերջերս կառավարական ուժեր (զօր. Պուրհանի գլխաւորութեամբ) կարողացած էին  վերստին տիրապետել մայրաքաղաքի այդ հատուածին, ինչպէս նաեւ ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող այլ շրջաններու։

 

Կասկածներ կան, որ Սուրբ Գէորգը, որ մինչ այդ կը համարուէր զինեալ հրոսակներու կեդրոն, կրակի տրուած է անոնց կողմէ, ճիշդ այն պահուն, երբ ստիպուած եղած են լքել այդ շրջանները։

Յիշեցնենք նաեւ, որ այսօրուան կտրուածքով Սուտանի մէջ ոչ մէկ հայ մնացած է եւ մեր աղբիւրին կարծիքով կան հայորդիներ, որոնք մտադիր են վերադառնալ Խարթում, եթէ իրավիճակը դառնայ կայուն եւ դարձեալ խաղաղութիւն տիրէ այդ երկրին մէջ։

 «Արեւելք», որ աւելի վաղ եւս գրած էր Սուտանի զարգացումներուն եւ յատկապէս Խարթումի հայերուն մասին,  պիտի շարունակէ հետեւիլ զարգացումներուն։ Հարկ է նշել նաեւ,որ Սուտանի եկեղեցին (որպէս Թեմ) կը տնօրինուի Եգիպտոսի հայոց թեմէն, առաջնորդ ունենալով Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանը, որ մինչեւ պատերազմին սկիզբը յաճախ կ՚այցելէր Սուտան եւ կրօնական արարողութեանց կողքին հանդիպում կ՚ունենար համայնքի զաւակներուն հետ։

 

 

Սուրբ Գէորգ եկեղեցին նախքան  Սուտանի պատերազմի բռնկիլը։