Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամուլի բաժանմունքի փոխտնօրէն Իվան Նեչաեւ յայտնեց, որ կը սպասեն «Սուրմալու»ի պայթումին վերաբերեալ Երեւանին ուղարկուած իրենց բողոքագիրի պատասխանին:
17 Օգոստոսին, Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը բողոքագիր մը յղեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան՝ 14 Օգոստոսին, «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պատահած ողբերգական պայթումին վերաբերեալ մամուլին մէջ ռուսական կառոյցներու հասցէին հնչած մեղադրանքներուն դէմ:
«Մենք ասիկա կը նկատենք ուղղակի սադրանք քաղաքական ուժերու կողմէ, որոնք կանգնած են նման ակնարկներու ետին: Նպատակը հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւնները վտանգելն է: Հայաստանի իշխանութենէն կ՛ակնկալենք քայլեր՝ նման ոչ-բարեկամական դրսեւորումները կանխելու նպատակով», յայտնեց Նեչաեւ:
«Վրդոված ենք Հայաստանի տեղական տեղեկատուական տարածքին մէջ շրջանառուող շնական (սինիք-sinical) նիւթերէն, որոնք հայհոյախառն եւ կեղծ մեղադրանքներ կը պարունակեն ռուսական կառոյցներու հասցէին՝ այս տարուան 14 Օգոստոսին, «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի տարածքին մէջ պատահած ողբերգութեան ներգրաւուածութեան համար: Մենք ասիկա կը նկատենք ուղղակի սադրանք այն քաղաքական ուժերուն կողմէ, որոնք կանգնած են նման ակնարկներու ետին, որոնց նպատակն է վտանգել ռուս-հայկական դաշնակցային յարաբերութիւնները: Մենք Հայաստանի իշխանութիւններէն կ՛ակնկալենք քայլեր՝ ուղղուած նման անբարիացակամ դրսեւորումները, ներառեալ՝ անհրաժեշտ հանրային մեկնաբանութիւնները ճնշելու ուղղութեամբ: Բողոքագիրը դեսպանատան կողմէ կ՛ուղարկուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան», կ՛ըսուէր դեսպանատան բողոքագիրին մէջ: