«Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով բռնկած հրդեհն ամբողջութեամբ մեկուսացուած է, փրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին։ Այս ըսած է ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մամուլի քարտուղար Հայկ Կոստանեանը։
Առողջապահութեան նախարարութիւնը թարմացուած տեղեկատւութիւն յայտնած է պայթումի հետեւանքով տուժածներու մասին:
Վերջին տուեալներով՝ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով 6 մարդ մահացած է: Բժշկական կեդրոններ տեղափոխուածներու թիւն այս պահուն 61 է:
Կը հաղորդուի, որ տարբեր կեդրոններու մէջ բուժումը կը շարունակէ 21 տուժած: Անոնց առողջական վիճակը մասնագէտները գնահատած են միջին ծանրութեան: