Սուրիոյ քիւրտերու գլխաւորած «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերը» (SDF), որ 14 տարուան պատերազմի ընթացքին ստեղծած է կիսաինքնավար գօտի, բանակցութիւններ կը վարէ Դամասկոսի նոր վարչակազմի հետ:
Սէուտական Արաբիոյ «Asharq News» հեռուստաալիքի հետ հարցազրոյցին SDF-ի հրամանատար Մազլում Ապտին (նաեւ յայտնի է որպէս Մազլում Քոպանի) ըսած է, որ իրենց հիմնական պահանջներէն մէկը Սուրիոյ ապակեդրոնացուած կառավարումն է: Ան նշած է, որ SDF-ը բաց է պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համարկուելուն, բայց որպէս «ռազմական պլոք», եւ առանց լուծարուելու։
Սուրիոյ պաշտպանութեան նոր նախարար Մուրհաֆ Ապու Քասրան մերժած է այդ առաջարկը: Դամասկոսի մէջ Reuters լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցին ան ըսած է, թէ ճիշդ չըլլար, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ աջակցուող քիւրտ զինեալները, որոնք տեղակայուած են երկրի հիւսիս-արեւելքին մէջ, պահպանեն իրենց դաշինքը աւելի լայն համարկուած սուրիական զինուած ուժերու կազմին մէջ:
«Սուրիոյ անհամար զինուած խումբերու համարկումը միասնական հրամանատարական կառուցուածքին մէջ նոր կառավարութեան առաջնահերթութիւնն է, իսկ «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերը» կը ձգձգեն այդ բարդ խնդրի լուծումը»,- ընդգծած է նախարարը: