image

Սուրիոյ մէջ ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան խումբի գնդապետ՝ Արկատի Տոնոյեանի հրաժեշտի երեկոյ՝ Հալէպի մէջ (Լուսանկարներ)

Սուրիոյ մէջ ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան խումբի գնդապետ՝ Արկատի Տոնոյեանի հրաժեշտի երեկոյ՝ Հալէպի մէջ (Լուսանկարներ)

Օրերս, Հ․Բ․Ը․Միութեան եւ Հ․Ե․Ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ Հալէպի մէջ հրաժեշտի երեկոյ կազմակերպուած է, ի պատիւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի գնդապետ՝ Արկատի Տոնոյեանի։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ ՀԲԸՄ ՀԵԸ-ի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

30, Ապրիլ 2024-ին, Միութեանս յարկին տակ, կազմակերպութեամբ Հ․Բ․Ը․Միութեան եւ Հ․Ե․Ընկերակցութեան, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի գնդապետ՝ Արկատի Տոնոյեանի հրաժեշտի երեկոն։ Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Պրն․ Դաւիթ Թադեոսեանը։ 

Հիւրերը պատշաճօրէն դիմաւորելու նպատակով մուտքին հաւաքուած էին խումբ մը սկաուտներ եւ արեւնուշներ, ինչպէս նաեւ անոնց պատուին միութեանս փողերախումբը նուագեց Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները։

Ողջերթի երեկոն շարունակուեցաւ Հ․Ե․Ընկերակցութեան «Գավաֆեան» սրահին մէջ, ուր մատուցուեցաւ օրուան խորհուրդին համապատասխանող յայտագիր մը։ 

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Գարուն Մարկոսեան – Էքմանեանը, ապա ցուցադրուեցան երկու տեսերիզներ, որոնք կ՚ամփոփէին յարգարժան գնդապետին կենսագրականը եւ Սուրիոյ մէջ տարած անոր մարդասիրական գործունէութիւնը։ Սրտի խօսքով նախ եւ առաջ հանդէս եկաւ Հ․Բ․Ը․Միութեան վարիչ քարտուղար Օրդ․ Թամար Խապայեանը, ապա ելոյթ ունեցաւ Հ․Ե․Ընկերակցութեան Գործադիր Մարմինի ատենապետ Տիար Գօգօ Շամամեանը, որ իր խօսքին մէջ յիշեց, թէ օրեր առաջ, երբ կը նշուէր ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը, հայը գաղթականի իր շապիկը շատոնց թօթափած, մարդասիրական խումբին միջոցաւ իր երախտիքի խաչբուռը մատուցեց մարդասէր ու հիւրընկալ արաբ ժողովուրդին։ Օրդ․ Թամար Խապայեան եւ Պրն․ Գօգօ Շամամեան երկուքն ալ իրենց արտասանած սրտի խօսքին մէջ ընդգծեցին գնդապետին ծաւալած արգասաբեր գործունէութիւնը եւ ներդրումը ի խնդիր հայ-արաբական բարեկամութան ամրապնդման։ Հանդիսութեան աւարտին, ձեռամբ Շրջանակայինի ատենապետ Պրն․ Հանրի Արսլանեանին հիւրը արժանացաւ Հ․Բ․Ը․Միութեան «Պօղոս Նուպար Փաշա» մետալին, ինչպէս նաեւ  ՀեԸնկերակցութեան Գործադիր Մարմինի ատենապետ տիար Գօգօ Շամամեան հիւրը պատուեց Հ․Ե․Ընկերակցութեան ոսկեայ մետալով։ 

Աւարտին, ներկաներուն իր սրտի խօսքը փոխանցեց յարգարժան գնդապետը։ Ան իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց միութեան, գնահատելով անոր եւ ընդհանարապէս հայկական համայնքին դերն ու ներդրումը ի նպաստ մարդասիրական խումբի առաքելութեան յաջողութեան։ 

Հալէպը եւ հալէպահայութիւնը միշտ երախտագիտութեամբ պիտի յիշեն վեց տարի առաջ պատմական այս քաղաքը ոտք դրած հայ զինուորականը, ով իր գործունէութեամբ, ծառայութեամբ եւ անսակարկ նուիրումով, անկորնչելի դրոշմ դրաւ դարերու բովով անցած հայ արաբական բարեկամութեան վրայ։ Յարգանք եւ խոնարհում հայ մարդուն ու զօրականին, թող հալէպահայութեան օրհնութիւնը լուսաւորէ Ձեր կեանքի ճամբան։ Շնորհակալութիւն, Արկատի Տոնոյեան։