image

Սուրիահայերուն պէտք է այնպէս մը օգնենք, որ Հայաստանը դէպի Շուէտ եւ Գանատա փոխադրութեան կայան չդառնայ. Յակոբ Աւետիքեան

Սուրիահայերուն պէտք է այնպէս մը օգնենք, որ Հայաստանը դէպի Շուէտ եւ Գանատա փոխադրութեան կայան չդառնայ. Յակոբ Աւետիքեան

«Սուրիոյ մէջ պատահածը անզօրութեան զգացողութիւն կու տայ բոլորիս: Անզօրութիւն կը զգանք, երբ ամբողջ գաղութ մը կը կործանի  մեր աչքերուն առջեւ եւ մենք այդ ամէնուն վկաներն ենք: Այս եղածի հանդէպ սոսկ հանդիսատես չըլլալու գիտակցութիւնը մղեց մեր աւանդական կուսակցութիւնները՝ քննարկելու այս հիմնախնդիրը, հրաւիրելով այս ոլորտի փորձագէտներն ու մասնագէտները»,- «Արեւելք»-ին յայտնեց «Ազգ» թերթի խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան: Ան, խօսելով Հալէպի հայաշունչ եւ Մայր գաղութ ըլլալու հանգամանքին մասին, նշեց, որ հայ համայնքը Սուրիոյ մէջ կազմակերպուած է, ոչ միայն Հալէպի, այլ Դամասկոսի, Գամիշլիի ու հայահոծ այլ շրջաններու մէջ: Աւետիքեան, առանձնացնելով Հալէպի դերը, մատնանշեց անոր ամբողջ հայկական սփիւռքի քաղաքակրթութեան կրողն ու պահպանողը հանդիսացած ըլլալու պատմական նշանակութիւնը: «Ինչ որ կրցած ենք պահել, ինչ որ բերած ենք երկրէն, ըլլայ Կիլիկիայէն, Արեւմտեան Հայաստանէն, Բարձր Հայքէն թէ Փոքր Հայքէն, բոլորը այնտեղ են: Այս առումով, այդ գաղութի ճակատագիրը առաջին հերթին կը յուզէ անշուշտ ոչ միայն տեղւոյն համայնքին, այլ ամբողջ հայութեան»,-ըսաւ հրապարակախօսը:

Անդրադառնալով այսօր ՌԱԿ-ի եւ ՍԴՀԿ-ի հրաւէրով Երեւանի «Անի» հիւրանոցէն ներս կայանալիք «Սուրիահայութեան առջեւ ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները» խորագրով քննարկմանը, Աւետիքեան յայտնեց, որ ՌԱԿ-ը եւ ՍԴՀԿ-ը, որպէս աւանդական կուսակցութիւններ, տարիներ ու տասնամեակներ ներկայութիւն եղած են այդ գաղութին մէջ եւ տակաւին կան ու կը գործեն այդ երկրին մէջ. «Հետեւաբար չէինք կրնար անտարբեր մնալ եւ պէտքը զգացինք անմիջապէս այդ հարցի հրատապութիւնը հասարակական մտահոգութեան առարկայ դարձնելու»,-ըսաւ ան:

Աւետիքեան, ընդգծելով Սուրիոյ տագնապի թնճուկային բնոյթը, նշեց, որ բոլորին ուժերէն, նոյնիսկ տարածաշրջանային ուժերու հասողութենէն վեր է այս ամբողջին լուծման եզրայանգումներ տալը:  «Հետեւաբար մեր ընելիքը եւ Հայաստանի անկախ պետութեան ընելիքը պիտի ըլլայ դարմանում, դիւրութիւններ ստեղծել, աջակցելու ծրագիրներ հայթայթել՝ եւ ոչ աւելին»,-ընդգծեց մեր զրուցակիցը:

«Արեւելք»-ի զրուցակիցը նշեց, որ այս նպատակով քննարկման հրաւիրուած են սուրիահայութեան հարցին առընչուող տարբեր շրջանակներէ մարդիկ, փորձագէտ-մասնագէտներ եւ մտահոգ մտաւորականներ: Ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Ակադեմիայի, յատկապէս արեւելագիտութեան հիմնարկէն նշանաւոր արաբագէտ արեւելագէտ փրոֆեսոր Նիքոլայ Յովհաննիսեանը: «Կը յուսանք, որ հրաւէրին ընդառաջելով, քննարկման մասնակցին նաեւ պատասխանատուներ՝ Մայր Աթոռէն եւ Սփիւռքի նախարարութենէն, ինչպէս նաեւ Արտգործնախարարութիւնն ալ իր ներկայացուցիչը ունենայ»,- աւելցուց Աւետիքեան:

Ազգային գործիչը շեշտեց խօսքէն գործի հանգրուան անցնելու անհրաժեշտութիւնը, ան ըսաւ. «Իհարկէ կուսակցութեան ներկայացուցիչները իրենց խօսքը պիտի ըսեն: Խօսքէ աւելի գործ պէտք է տեսնել: Գործի վերաբերեալ յանձնարարութիւններ եւ յանձնառութիւններ պէտք է ըլլան: Այս է մեր գլխաւոր նպատակը, այլապէս դիւրին է քննադատել, եղածն ու չեղածը: Լրջօրէն, առանց որեւէ ծայրայեղութեան, պիտի փորձենք այնտեղ, իրապաշտ մօտեցմամբ ցոյց տալ, ինչը կրնայինք ընել եւ չըրինք, ինչը այսուհետեւ կրնանք ընել եւ պէտք է ընենք»,- շեշտեց Աւետիքեան:

Նշենք, որ սեպտեմբերի ողբերգական պատահարներէն ետք, բազմաթիւ մարդիկ ահազանգ հնչեցուցած են համացանցի էջերուն, խնդրելով զիրենք տեղափոխել Հայաստան: Այս պահանջներուն անսալով, IDeA հիմնադրամի նախագահ՝ Ռուբէն Վարդանեան 250 հազար տոլար տրամադրած է անոնց փոխադրութիւնը ապահովելու: Սակայն, հալէպահայերէն շատերը մերժած են գալ զանազան պատճառներով: Մեկնաբանելով այս երեւոյթը Աւետիքեան բացատրեց. «Այս երեւոյթին ականատես եղած եմ Լիբանանի կործանիչ պատերազմի ընթացքին: Մարդը կառչած կը մնայ իր ունեցուածքին, թէկուզ քանդուած ըլլայ: Զգացողութեան այլ կերպ մըն ալ՝ վտանգի զգացումն է, որուն մարդիկ չեն ուզէր հասնիլ: Ուրիշներ կան, որոնց ընտանիքը բաժնուած Լաթաքիոյ եւ Հալէպի միջեւ: Կան նաեւ այն ընտանիքները, որոնց զաւակները սուրիական բանակին մէջ կը ծառայեն»:

Կիսելով իր մտահոգութիւնը, Աւետիքեան կարեւորեց Հայաստան գալ փափաքող հատուածին ամէն կերպ օգնութեան ձեռք մեկնելու գործը: Ան իր խօսքը ուղղելով յատկապէս հարկային մարմիններուն, ըսաւ. «Սակայն այստեղ ալ մենք խնդիրներ ունինք: Այդ մարդիկ, եթէ ապրուստ ապահովելու համար իրենց խնայողութիւնները Հայաստանի մէջ գործի դնեն, պէտք է օգնել անոնց: Չեմ ըսեր զատողութիւն, աչառութիւն կամ կողմնակալութիւն ընել, բայց պէտք է ներողամիտ վարուիլ: Եթէ սուրիահայը որեւէ զանցառութիւն կամ խախտում գործէ օրէնքի նկատմամբ, պէտք է աւելի ներողամիտ մօտենալ, ոչ թէ անօրինականութեան թոյլատու ըլլալ, այլ պարզապէս յստակացնել թէ սխալ գործած է եւ անիկա պէտք է ուղղել որոշ պայմանաժամի ընթացքին: Օգնենք իրենց մնալու հայրենիքի մէջ, որպէսզի Հայաստանը դէպի Շուէտ եւ Գանատա փոխադրութեան կայան չհանդիսանայ», շեշտելով այս հարցին պետականօրէն լուծում տալու եւ ժամանակաւոր օգնութիւն մը ըլլալու հանգամանքը:

 

Սուրիահայութեան ցուցաբերուած օժանդակութիւններուն մասին անդրադառնալով, Աւետիքեան դիտել տուաւ, Լիբանան գտնուող սուրիահայերէն քաղուած տուեալներու համաձայն, շատ մը օգնութիւններ, որոնք յայտարարուած են, իրենց ժամանակին տեղ չեն հասնիր, եւ չեն տրամադրուիր: «Անթիլիասի խողովակով գլխաւորաբար Հալէպի Ազգային իշխանութիւններ կոչուածներու միջոցով եւ Մայր Աթոռի խողովակով Դամասկոսի առաջնորդի միջոցով հասնող գումարներուն կանոնաւորութիւն պէտք է: Մենք, պէտք է կարողանանք մարդոց կարիքները ոչ միայն տեսնել ու շօշափել, այլ անմիջապէս օգտակար ըլլալ»,-ըսաւ ան, յայտնելով, որ հոսկէ կը բխի քննարկման կարեւորութիւնը: Ան իր խօսքը եզրափակելով նշեց. «Կը կարծեմ, որ հոսկէ բխած բանաձեւը, որոշումները, առաջադրումները, յանձնարարութիւններն ու յանձնառութիւնները պէտք է կատարուին: Հաւանական է, որ քննարկման ժամանակ, մասնագէտները այլեւայլ տեսանկիւններէ մօտենան եւ մենք նոր բաներ իմանանք այս առումով: Քննարկումը ձեւի համար չէ, այլ գործնական քայլերու դիմելու»:

 Նշենք, որ ՌԱԿ-ի եւ ՍԴՀԿ-ի կազմակերպած «սուրիահայութեան առջեւ ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները» խորագրով քննարկումը, տեղի պիտի ունենայ Երեւանի՝ «Անի» հիւրանոցի «Նայիրի» սրահէն ներս, 9 նոյեմբերին, ժամը 12:00-14:00-ին: