Գանատան յայտարարած է, որ կտրուկ պիտի կրճատէ թիւը այն ներգաղթեալներու, որոնց թոյլ պիտի տրուի, որ մշտապէս բնակութիւն հաստատեն երկրին մէջ. նպատակը «բնակչութեան աճը դադրեցնելու» փորձն է, գրած է BBC՝ նկատել տալով, որ այս մէկը վարչապետ Ճասթըն Թրիւտոյի կառավարութեան քաղաքականութեան մէջ էական փոփոխութիւն է:
Լիպերալ (ազատական) կառավարութիւնը պարտաւորուած էր առաջիկայ երկու տարուան ընթացքին տարեկան կէս միլիոն օտարերկրացիներու մշտական բնակութիւն տրամադրել, սակայն Թրիւտօ այժմ յայտարարած է, որ թիրախը վերանայուած է եւ փոփոխութեան ծիրէն ներս Գանատան 2025 թուականին պիտի նուազեցնէ մշտական բնակիչներու թիւը՝ նախկին 500,000-էն մինչեւ 395,000-ի, ինչ որ կը նշանակէ 21%-ով անկում: Անկէ յետոյ այդ թիւը պիտի նուազի մինչեւ տարեկան 380,000-ի, իսկ 2027 թուականին՝ մինչեւ 365,000-ի:
Վարչապետ Թրիւտօ ընդգծած է, որ իր կառավարութիւնը «հաւասարակշռութիւնը ճիշդ չէ հաշուարկած», երբ յետհամավարակային ժամանակաշրջանին ուժեղացուցած է ներգաղթի հոսքը՝ երկրին մէջ աշխատուժի պակասը լրացնելու համար:
2015-ին Թրիւտոյի ընտրուելէն ի վեր, անոր կառավարութիւնն ամէն տարի մշտական բնակութեան իրաւունք ստացող ներգաղթեալներու թիւը 272,000-էն բարձրացուցած է 485,000-ի: Ամենամեծ թռիչքը գրանցուած էր 2021 թուականին՝ Քովիտ-19 համավարակէն յետոյ։