image

Սուրբ Յակոբի տօնը ՝ Քեսապի մէջ

Սուրբ Յակոբի տօնը   ՝ Քեսապի մէջ

 Քեսապ  հայաւանին մէջ  օրերս նշուած է Սուրբ Յակոբի  տօնը։ 

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկացաւ   Քեսապի   Հայ  Կաթողիկէ Սուրբ  Միքայէլ էջէն, ուր  մասնաւորապէս գրուած է ՝

Կիրակի՝ 19 Դեկտեմբեր 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թէմի «Ս. Միքայէլ» եկեղեցւոյ զանգակներու ուրախ ղօղանջներով հաւատացեալները փութով ժամանեցին եկեղեցի  ի հեճուկս Քեսապի սաստիկ ցուրտին եւ անձրեւին։Պատարագիչ ժողովրդապետ՝ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Ս. Յակոբ Մծբնի հայրապետին հաւատքին եւ սրբութեան մասին։Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Քեսապի «Ս. Միքայէլ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ լուսահոգի Հայր Յակոբ Ղարիպեանին, հանգուցեալ Յակոբ Գալէնտէրեանին եւ Քեսապի համայն հանգուցեալ Յակոբներուն հոգւոյն հանգստեան համար։Պատարագի աւարտին Հայր Նարեկը խորհին շնորհակալութիւն յայտնեց Տէր եւ Տիկին Եզեկել եւ Մակի Գալէնտէրեաններուն (Գերմանիա) , իրենց ազնիւ օրուայ հիւրասիրութեան նուէրին համար եւ պատարագին մասնակցող իւրաքանչիւր՝ Յակոբ Կերճիկեանին, Յակոբ Ինճէճիկեանին, Յակոբ Նազարեանին, Յակոբ Ճուրեանին, Յակոբ Պէօճէքեանին եւ Յակոբ Դանիէլեանին նուիրեց «Ս. Վարդարան» մը։«Ս. Յակոբ»ի տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ Յակոբ անուն կրողներու կողմէ կարկանդակի բեկանումով եւ հիւրասիրութեամբ։Վարձքը կատար օրուայ բարերար Տէր եւ Տիկին Եզեկել եւ Մակի Գալէնտէրեաններուն եւ Աստուած ողորմի իրենց հօր՝ Հանգուցեալ Յակոբ Գալէնտէրեանին, իսկ Յակոբներուն կը շնորհաւորենք իրենց անուանակոչութեան տօնը եւ կը մաղթենք ամենաբարին։