Գաւառի համայնքներու հոգեւոր տեսուչ եւ Հաթայի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քահանայ Թապաշեան, ընկերակցութեամբ Եուսուֆ Ուրարակիր Դպիր Թապաշեանի հովուական այցելութիւն մը տուած է Մալաթիոյ եւ Էլազըղի հայ համայնքներուն եւ Սուրբ Ծննդեան արարողութիւնները կատարած։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ եւ օրհնութեամբ, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, 10 Յունուար 2025, Ուրբաթ, մեկնեցաւ Մալաթիա։ Հովուական ուղեւորութեան ընթացքին, Տէր Հօր կ'ընկերանար Իսկենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկունք Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեան։
Տէր Հայրը յաջորդ առաւօտ, Մալաթիոյ Հայոց Գերեզմանատան Ս. Յարութիւն մատրան մէջ Ս. Պատարագ մատոյց, որու ընթացքին խրատական խօսեցաւ, նիւթ ունենալով յոյսը եւ ըսաւ, որ մարդ արարածի համար անհրաժեշտ է յոյսը՝ որ քրիստոնէութեան երեք հիմնական պայմաններէն է։ Տեղւոյն համայնքի յիշողութեան մէջ դեռ թարմ է երկրաշարժի դառն ազդեցութիւնը։ Տէր Հայրը ըսաւ, որ ամէն օր հաւատացեալին համար նոր յոյս է եւ մեր մեծագոյն յոյսը նոյնինքն Տէր Յիսուս Քրիստոսն է։ Ան, մեզի համար աշխարհ եկաւ։ Այսօր՝ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ ա՛յս է որ կը նշենք։ Տէր Հայրը ապա ներկայ հաւատացեալներուն հաղորդեց Նորին Ամենապատուութեան հայրական օրհնութիւնները։
Արարողութեան մասնակցեցան տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամները, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլէն ժամանած բնիկ Մալաթիացիներ՝ Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու։
Յաւարտ Ս. Պատարագի՝ ի նշան Տէր Յիսուս Քրիստոսի Յորդանան գետի մէջ մկրտութեան, կատարուեցաւ ջրօրհնէք, կնքահայրութեամբ տեղւոյն երիտասարդներէն Արէտ Պոյաճըի։
Ապա կատարուեցաւ պաշտօն՝ Մալաթիոյ մեր հաւատացեալ հանգուցեալներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Մահուան քառասնից լրման առթիւ շիրմին շուրջ յիշատակուեցաւ Տէր Հօր մօրաքոյրը՝ Մաքպուլէ Գալայճը։
Ս. Ծննդեան տօնի առիթով, մատրան սրահին մէջ կատարուեցաւ տնօրհնէք։
Տէր Հայրը մէկտեղուեցաւ ու զրուցեց տեղւոյն մերազն ժողովուրդի անդամներուն հետ։
Նոյն իրիկուն Մալաթիոյ մէջ գիշերելէ ետք, Տէր Հայրը եւ Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեան յաջորդ առաւօտ՝ 12 Յունուար 2025, Կիրակի, ցամաքի ճամբով անցաւ Էլազըղ։
Տէր Հայրը առաւօտուն, Էլազըղի Հայոց Գերեզմանատան Ս. Նշան Մատրան մէջ Ս. Ծննդեան տաղաւարի Ս. Պատարագ մատոյց, որու ընթացքին խրատական խօսեցաւ, նիւթ ունենալով փորձութիւնը՝ յատկապէս Ս. Յովսէփի փորձութիւնը։ Տէր Հայրը յիշեցուց, որ ինչպէս անապատի մէջ Յիսուս, այնպէս նաեւ Անոր հայրեգիր Յովսէփ եւս փորձուեցաւ։ Սակայն Յովսէփ միշտ հաստատ մնաց Աստուծոյ եւ Անոր խօսքին։ Մենք ալ փորձութիւններու կը մատնուինք, սակայն Տէրունական Աղօթքին մէջ ալ կ'ըսենք. «Մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն»։ Երբ մեր հաւատքին մէջ հաստատ մնանք, աւելի դիւրաւ պիտի կարենանք կուրծք տալ փորձութեանց։ Տէր Հայրը խրատականի վերջաւորութեան ներկաներուն հաղորդեց Նորին Ամենապատուութեան հայրական օրհնութիւնները։
Հակառակ տիրող ցուրտին, արարողութեան մասնակցեցան տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամները։
Այստեղ եւս, յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ ջրօրհնէք, կնքահայրութեամբ տեղւոյն երիտասարդներէն Արտա Եաղճըի։
Ս. Ծննդեան տօնի առիթով, մատրան սրահին մէջ կատարուեցաւ տնօրհնէք։
Ապա կատարուեցաւ պաշտօն՝ Էլազըղի մեր հաւատացեալ հանգուցեալներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Տէր Հայրը այստեղ եւս մէկտեղուեցաւ ու զրուցեց տեղւոյն մերազն ժողովուրդի անդամներուն հետ։
Նոյն իրիկուն Էլազըղի մէջ գիշերելէ ետք, Տէր Հայրը եւ Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեան յաջորդ առաւօտ՝ 13 Յունուար 2025, Երկուշաբթի, ցամաքի ճամբով վերադարձան Հաթայ։