image

Սուրբ Խաչ դպրեվանքին մէջ բուսագէտ տքթ. Վահրամ Էլակէօզ դասախօսութիւն մը կարդաց 

Սուրբ Խաչ դպրեվանքին մէջ բուսագէտ տքթ. Վահրամ Էլակէօզ դասախօսութիւն մը կարդաց 

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած են հետաքրքրական ձեռնարկներ։ Այսպէս, դպրոցին մէջ հետաքրքրական դասախօսութիւնով մը հանդէս եկած է բուսագէտ տքթ. Վահրամ Էլակէօզ, որ աշակերտներուն հետ զրուցած է համեմներու եւ մանրախոտերու վերաբերեալ։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

21 Մարտ Ուրբաթ վարժարանիս մէջ առիթն ունեցանք հիւրասիրելու հմուտ եւ փորձառու մասնագէտ Տօքթ. Վահրամ Էլակէօզը։ Ան մեզի համար պատրաստած էր հետաքրքրական եւ ուսանելի դասախօսութիւն՝ նուիրուած համեմներու եւ մանրախոտերու պատմութեան, անոնց օգտագործման ձեւերուն եւ ազդեցութեան՝ թէ՛ խոհագիտութեան եւ թէ՛ բժշկութեան մէջ։ Տօքթ. Էլակէօզը մեզի պատմեց համեմներու առեւտրական ուղիներու պատմութեան մասին, յատկապէս շեշտելով անոնց ունեցած ազդեցութիւնը համաշխարհային առեւտուրի զարգացման վրայ։

Ան բացատրեց, թէ ինչպէս համեմները դարեր շարունակ եղած են հզօր պետութիւններու ուշադրութեան կեդրոնին մէջ, դառնալով մեծ պայքարի եւ մրցակցութեան առարկայ։ Մենք իմացանք, թէ անցեալի հզօր երկիրները ինչպիսի՜ ջանքեր գործադրած են հեռաւոր վայրերէ համեմներ բերելու համար։ Անոնք, երկար եւ վտանգաւոր ճամբորդութիւններու ձեռնարկելով, փորձած են շրջանցել Արաբ վաճառականները եւ Վենետիկի մենաշնորհները, որոնք երկար ժամանակ վերահսկած էին համեմներու առեւտուրը։

Տօքթ. Էլակէօզը յատուկ անդրադարձ կատարեց այն հայ հետազօտողներուն եւ մասնագէտներուն, որոնք իրենց գործունէութեամբ նշանակալի ներդրում ունեցած են այս ոլորտին մէջ։ Ան ներկայացուց Կարապետ Կապիկեանը, Տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեանը, Արմենակ Պետեւեանը եւ Մանուէլ Քաջունին, որոնք իրենց ուսումնասիրութիւններով մեծ լոյս սփռած են համեմներու պատմութեան։ 

Բանախօսութիւնը աւարտեցաւ աշխոյժ հարցումպատասխանով։ Վարժարանիս աշակերտները հետաքրքրական հարցումներ ուղղեցին մեր առօրեային մէջ օգտագործուող համեմներուն եւ մանրախոտերուն վերաբերեալ։ Տօքթ. Էլակէօզը մանրամասնօրէն բացատրեց անոնց առանձնայատկութիւնները, օգտակարութիւնը առողջութեան համար եւ ճաշերու մէջ անոնց կիրառման տարբեր ձեւերը։