Պոլսահայ աշխարհահռչակ տնտեսագէտ, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Փրօֆ. Տարօն Աճէմօղլու, օրերս, որպէս գլխաւոր բանախօս հանդէս եկած է Իսթանպուլեան «Պրէնտ ուիք» (ապրանքանիշերու շաբաթ) համաժողովի բացման հանդիսութեան ընթացքին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Պոլսահայ աշխարհահռչակ տնտեսագէտ, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Փրօֆ. Տարօն Աճէմօղլու այս օրերուն Իսթանպուլ կը գտնուի, մասնակցելու համար կարեւոր ժողովի մը։ Ան երէկ, 6 Նոյեմբերին, որպէս գլխաւոր բանախօս հանդէս եկաւ Իսթանպուլեան «Պրէնտ վիք» (ապրանքանիշերու շաբաթ) համաժողովի բացման հանդիսութեան ընթացքին։
«Պրէնտ վիք»ի նիստերը այս տարի համախմբեցին հազարաւոր մասնակիցներ՝ «Պատմութեան սկիզբը» կարգախօսի ներքեւ։ Բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հալիչ համագումարներու պալատին մէջ։ Իսթանպուլ 2024 ապրանքանիշի շաբաթը բացուեցաւ Մայր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի ելոյթով, բայց գլխաւոր զեկուցողը՝ Փրօֆ. Տարօն Աճէմօղլուն էր։ Բոլոր ներկաները յոտնկայս ծափահարելով ողջունեցին անոր մուտքը սրահէն ներս։
Փրօֆ. Աճէմօղլու ներկայացուց հինգ իրողութիւններ, որոնք կը խախտեն համաշխարհային հաւասարակշռութիւնը եւ մեծ հաւանականութեամբ յառաջիկայ 20-30 տարիներու ընթացքին պիտի ազդեն նաեւ բազմաթիւ երկիրներու բարեկեցութեան ու բարգաւաճման վրայ։
Հիմնական գործօնը, որ կը խորացնէ ազդեցութեան միտումները՝ թեքնիքագիտութիւնն է. արհեստական բանականութիւնը անհաւասարութեան ու գործազրկութեան ալիք պիտի ստեղծէ բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ Թէեւ ընդհանուր տպաւորութիւնն այն է որ թուային թեքնիքագիտութիւնը կը բարձրացնէ բարեկեցութիւնը, բայց հակառակը եղած է։ Ամերիկա վերջին քառասուն տարիներուն ապրած է իր պատմութեան ամենաանհաւասար զարգացման շրջանը։ Ըստ Աճէմօղլուի, այստեղ հիմնական խնդիրը սա է. թուային թեքնիքագիտութիւնը միշտ կը գործածուի «ինքնաշխատ»ութեան (աւթոմաթ) համար։ «Պարտաւոր ենք աւելի արդար ձեւով գործածելու այդ թեքնիքագիտութիւնը, այսինքն մարդոց հետ համատեղ բանեցնելու արհեստական բանականութիւնը», ըսաւ ան։
Ծերացող բնակչութիւնը երկիրներուն սպառնացող երկրորդ վտանգն է։ Կարծիք կայ որ «ռոպոթ»ները կրնան փոխարինել աշխատուժը, որ կը պակսի ծերացող բնակչութեան հետ, բայց ատիկա մինչեւ որոշեալ տեղ մը։ Անդին՝ անորոշութիւն է։
Կլիմայի փոփոխութիւնը նոյնպէս կարեւոր գործօններէն մէկն է։ Վերականգնողական ուժանիւթի խոշոր անկում մը եղած է 2010էն սկսեալ։
Մաքրօտնտեսական անհաւասարակշռութիւնը նոյնպէս գլխաւոր հարցերէն մէկն է։ 1980ականներէն ի վեր արտօնագրերու թիւը քառապատկուած է, ընդգրկելով մեծամասամբ երեք ոլորտներ՝ ելեկտրոնիք սարքեր, համակարգչային ու հաղորդակցութեան թեքնիքագիտութիւն։ Մաքրօտնտեսական անհաւասարակշռութիւնները կը դժուարացնեն համաշխարհային տնտեսական կարգի փոփոխութիւնները։
Այս բոլորի մասին խօսելէ ետք, Փրօֆ. Աճէմօղլու անդրադարձաւ Թուրքիոյ վիճակին ու հռետորական հարցում մը ուղղեց ներկաներուն. Թուրքիա պատրա՞ստ է բոլոր փոփոխութիւններուն։ Դժբախտաբար պատրաստ չէ, որովհետեւ, ըստ Աճէմօղլուի ներկայացուցած պատկերին, Թուրքիա կը գտնուի անկայուն բարգաւաճման շրջանի մը մէջ։ Թուրքիա վերջին 15 տարիներու ընթացքին թեքնիքագիտութեան առումով նոյն ապրանքները կ'արտածէ, քանի որ ներդրումներ չեն կատարուիր տնտեսութեան կարեւոր մարզերու մէջ։ Միայն շինարարութեան ոլորտն է որ կը զարգանայ, միւս մարզերու մէջ ներդրումները շատ ցած մակարդակի վրայ են։ Բացի ատկէ, գլխաւոր բացը գիտելիքի մակարդակն է, այս ոլորտը նոյնպէս տեղքայլի մէջ է։