Արցախեան հարցին վերջնական լուծման մասին խօսիլը այս փուլին, կտոր մը հաց հազիւ ճարող ընտանիքէն պնակ մը լաւորակ «խավիար» «պահանջել»ու կը նմանի։
Ներկայ փուլը լուծումներէ զերծ փուլ է, իսկ այն ինչ որ Երեւանի մէջ կը կատարուի կամ պիտի կատարուի, պէտք է կատարուի հաշուի առնելով Ուքրանիոյ պատերազմին երեւցող խազերը, պայմանաւ, որ Մոսկուա ինք ընկալէ, որ Երեւանի մէջ նստած իշխանութիւնները վնաս են, ոչ միայն հայ-ռուսական պատմական բարեկամութեան, այլ մանաւանդ անվստահելի են, սեփական ժողովուրդի համբերութիւնը կը շահագործեն եւ ընդհանրապէս մտահոգ ալ չեն հայաթափուելու վտանգը ամէն օր իրենց մորթին վրայ զգացող արցախցիներու մեծ ճակատագրով։
Օրեր առաջ Արցախի սահմաններուն տեղի ունեցած «թէժ» զարգացումները այսօր մասամբ փարատած են։ Գալիք օրերուն համար բնաւ չի բացառուիր, որ մանր-մունր կրակոցներ հնչեն, բայց զարգացումներուն մօտէն հետեւողներուն համար աւելի քան պարզորոշ է, որ Արցախեան սահմանային գիծի երկայնքին «ստեղծուած» անդորրը տեղական բնոյթ չունի։
Եթէ Պաքուի հռետորաբանութեան ձեռքը մնար ամէն ինչ, ապա չէր բացառուէր, որ Արցախի մէջ շատ աւելի ծանրակշիռ դէպքերու ականատեսը դառնայինք։
Անշուշտ տխուր, շատ տխուր է այն փաստը, որ շրջանին մէջ տեղի ունեցող մեծ զարգացումներու ծիրին մէջ հայկական կողմը գրեթէ ըսելիք չունի։
Անկախ Փաշինեանի իշխանկարգին Արցախեան թեմայով անընդունելի եւ շատերուն համար սովորական դարձած ճարպիկ լռութեան, անոնք՝ այս իշխանաւորները ամէն ինչ կ՚ընեն պահելու համար միայն իրենց աթոռը։
Մեծ ակնարկումներ պիտի չընեմ հայկական բանակին մասին առկայ անհոգութեան, կամ այդ առումով անցնող երկու տարիներուն վատնուած ժամանակին մասին, սակայն նաեւ յստակ է, որ այդ կերպ Փաշինեան տուրք կու տայ արտաքին ուժերու։
Վերադառնալով արտաքին գործօններուն, ապա շատ հեռատեսութեան կարիք պիտի չըլլայ հասկնալու համար, որ մասնաւորապէս այս փուլին ռուսական կողմին համար Արցախի մէջ ցանկացած ցնցում կրնայ նոր գլխացաւանքներու պատճառ դառնալ։
Բաց աստի, եթէ հաշուի առնենք վերջին ժամանակներու Մոսկուա-Անգարա գործող «թէժ գիծ»ը, ապա այդ առումով ալ արդէն հասկնալի կ՚ըլլայ, որ այն ինչ որ ինչ պատճառներու հիմքով Արցախի ուղղութեամբ Ատրպէյճանեան կողմէն եղող կրակոցները մէկ անգամէն դադրեցան։
Այլ հարց է անշուշտ, որ այսօր տիրող կրակմարը քանի ամսուայ կրակմանր մըն է, բայց նաեւ փաստ է, որ Անգարա շատ ալ խանդավառ չէ Ալիեւի կողմէ գործի դրուած հռետորաբանութեամբ։
Էրտողան դժգոհ է Ալիէւէն, ոչ թէ հայոց հանդէպ «մեծահոգութիւն» մը ունենալու պատճառով (որն անշուշտ գոյութիւն չունի), այլ անոր համար, որ Պաքու կը միտի խանգարել Մոսկուայի հետ առկայ եւ կարճաժամկէտ ժամանակներուն համար նախատեսուած պայմանաւորուածութիւնները, որոնց «թարմացում»ը տեղի ունեցաւ միայն օրեր առաջ ՝ Սոչիի մէջ։
Հաշուի առնել է պէտք, թէ Թուրքիա, ինչ ջուրերու վրայ է այսօր, ինչ են անոր հիմնահարցերը, բայց մանաւանդ չմոռնալ ամէնամեծ օրակարգը, որ յաճախ «գէշ երազ» կը թուի ըլլալ Էրտողանի համար, որ խորհրդարանական «սպասուած» ընտրութիւններու օրակարգն է։
Ընդամէնը մէկ տարի եւ Թուրքիա պիտի մտնէ ընտրական մեծ օրակարգին մէջ, որուն համար Էրտողան կարիք ունի իր դաշնակից՝ Վ. Փութինի մեծ աջակցութիւն։
Հիմա, ինչ կ՚ընեն, ինչպէս կ՚ընեն այս երկու դաշնակիցները մէկ կողմէ ապահովելու համար ռուսական դրամագլուխներու ներհոսք- արտահոսքը դէպի Թուրքիա եւ այդպիսով ալ թէ շրջանառութիւն կ՚ապահովեն, եւ թէ ալ տապալման եզրին եղող Թուրքիոյ տնտեսութիւնը «կը փրկեն», այդքան ալ էական չէ։Կարեւորն այն է, որ առկայ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի ու մեզի նաեւ փաստէ, որ Փութին, Էրտողանի համար, գլխաւորագոյն նեցուկն է։
Հետեւաբար, այս ֆոնի ներքոյ եթէ դիտարկելու ըլլանք իրերը, պիտի անպայման հասկնանք, որ Արցախեան ճակատին այսօր տիրող «խաղաղ» իրավիճակը արգասիքն է Սոչիի հանդիպումներուն, որոնց կատարումը աւելիով «ամրագրելու» համար Ալիեւ օրերս մեկնած է Թուրքիա։
Արցախեան հարցին վերջնական լուծման մասին խօսիլը այս փուլին, կտոր մը հաց հազիւ ճարող ընտանիքէն պնակ մը լաւորակ «խավիար» «պահանջել»ու կը նմանի։
Ներկայ փուլը լուծումներէ զերծ փուլ է, իսկ այն ինչ որ Երեւանի մէջ կը կատարուի կամ պիտի կատարուի, պէտք է կատարուի հաշուի առնելով Ուքրանիոյ պատերազմին երեւցող խազերը, պայմանաւ, որ Մոսկուա ինք ընկալէ, որ Երեւանի մէջ նստած իշխանութիւնները վնաս են, ոչ միայն հայ-ռուսական պատմական բարեկամութեան, այլ մանաւանդ անվստահելի են, սեփական ժողովուրդի համբերութիւնը կը շահագործեն եւ ընդհանրապէս մտահոգ ալ չեն հայաթափուելու վտանգը ամէն օր իրենց մորթին վրայ զգացող արցախցիներու մեծ ճակատագրով։
Սագօ Արեան