Շաբաթ առաւօտեան ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Քրասնոտարի երկրամասի ափերու մօտ երկու ուքրանական անօդաչու թռչող սարք խոցած են, յայտնած է ՌԴ ՊՆ-ն։
Միջադէպը տեղի ունեցած է ժամը 07։10-ի սահմաններուն: Խոցուած անօդաչուները ինկած են ծովը։ Կը հաղորդուի, որ ԱԹՍ-ներու խոցման հետեւանքով որեւէ մէկը չէ տուժած։
Ինչպէս գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն՝ միջադէպէն անմիջապէս ետք Սոչիի օդակայանին մէջ թռիչքները ժամանակաւորապէս սահմանափակուած են, սակայն ժամը 07։25-էն օդակայանը վերադարձած է իր բնականոն ռեժիմին։