ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ՝ դիմելով իշխանութեան եւ ամբողջ խորհրդարանին, ըսած է․
«Մենք այստեղ ենք եւ դուք ստիպուած էք համակերպուել այդ փաստի հետ։ Սա ՀՀ ԱԺ-ն է, նաեւ մեր, մեզ այստեղ գործուղած քաղաքացիների ԱԺ-ն, այն ձեր սեփականութիւնը չէ։ Երկար ժամանակ բոյկոտել ենք նիստերը, որովհետեւ փողոցում էինք պայքարում այս իշխանութեան կործանարար քաղաքականութեան դէմ, հիմա փողոցում ժամանակաւոր դադար է եւ մենք լիարժէքօրէն օգտագործելու ենք այս գործիքակազմը, մենք այստեղ ենք մեր օրակարգով, ՀՀ-ի ու Արցախի, մեր քաղաքացիներին յուզող կարեւոր օրակագով»,–ըսած է Աղուան Վարդանեան։
Անոր խօսքով՝ հայ ժողովուրդի համար այս դժուար ժամանակներուն գործող իշխանութիւնը սպառնալիք է պետականութեան եւ հայկականութեան համար։
«Այս իշխանութեամբ Հայաստանն ու Արցախը ապագայ չունեն, ապագայ չունի մեր ժողովուրդը, մենք այստեղ ենք, որ կործանարար ընթացքն անշրջելի դառնայ»,- ըսած է Վարդանեան։