image
Հրատապ լուրեր:

Սթիւ Ուիթքոֆը եւ Ճարետ Քուշները կը ծրագրեն այցելել Մոսկուա. Bloomberg

Սթիւ Ուիթքոֆը եւ Ճարետ Քուշները կը ծրագրեն այցելել Մոսկուա. Bloomberg

Միացեալ Նահանգներու նախագահի դեսպանորդ Սթիւ Ուիթքոֆը եւ նախագահի փեսան՝ Ճարետ Քուշները, կը ծրագրեն շուտով այցելել Մոսկուա եւ հանդիպիլ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, հաղորդած է Bloomberg-ը՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն։

Անոնք պնդած են, որ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ յունուարին, սակայն նշած են, որ ծրագիրները դեռ վերջնականապէս չեն որոշուած, եւ ժամկէտները կրնան յետաձգուիլ Իրանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու պատճառով: Գործակալութեան աղբիւրներու հաղորդմամբ՝ Ուիթքոֆը եւ Քուշները պիտի ներկայացնեն ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման ծրագրերու վերջին նախագիծերը, այդ շարքին՝ անվտանգութեան երաշխիքները, որոնք Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան մտադիր են տրամադրել Քիեւին:

Յիշեցնենք, որ Ուիթքոֆը եւ Քուշները Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հետ Քրեմլի մէջ հանդիպած են դեկտեմբեր 2-ին։ Ուքրանական կարգաւորման նուիրուած հանդիպումը տեւած է մօտաւորապէս հինգ ժամ։