Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ՀՀ տարածքին մէջ կան փակ ճանապարհներ։
Արագածոտնի մարզի Ամբերդ ամրոց եւ Քարի լիճ տանող ճանապարհները փակ են:
Վրաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան ԱԻ բաժանմունքէն եւ ՌԴ ԱԻՆ Հիւսիսային Օսիայի ճգնաժամային կառավարման կեդրոնէն ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն՝ Ստեփանծմինտա-Լարս ճանապարհը ձնահիւսի վտանգի պատճառով փակ է բոլոր տիպի փոխադրային միջոցներու համար, ինչպէս նաեւ ռուսական կողմին մօտ կայ կուտակուած 100 բեռնատար մեքենայ:
ՀՀ ԱԳՆ-էն ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն՝ օտարերկրացիներիու Վրաստան մուտքն արգիլող որոշումը կը շարունակէ ուժի մէջ մնալ։ Արգելքը չի վերաբերիր բեռնափոխադրումներուն:
Վարորդներուն խորհուրդ կը տրուի երթեւեկել բացառապէս ձմեռային անուադողերով։