image

Լոյս Տեսան «Մեծհօրս Ճանապարհը» Հատորին Արեւմտահայերէն Եւ Արեւելահայերէն Թարգմանութիւնները

Լոյս Տեսան «Մեծհօրս Ճանապարհը» Հատորին Արեւմտահայերէն Եւ Արեւելահայերէն Թարգմանութիւնները

Արդէն իսկ հրապարակի վրայ է Կապրիէլ Օ՛Սալըվընի My Grandpa’s Journey մանկապատանեկան պատկերազարդ հատորին արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն թարգմանութիւնները՝ «Մեծհօրս Ճանապարհը» վերնագիրով:

Ստորեւ, արեւմտահայերէն թարգմանութեան (գրուած դասական ուղղագրութեամբ) մէջ լոյս տեսած բացատրականը.

«Այս պատմութիւնը մեծ հօր մը պայքարն է «Ալզհայմըրզ» հիւանդութեան դէմ, դիտուած՝ փոքր թոռնիկին աչքով: Հակառակ հիւանդութեան լրջութեան, այդ կը ներկայացնէ իրականութիւնը նրբօրէն: Ներկայիս շատ երեխաներ կ՛անցնին այս փորձառութենէն իրենց ընտանիքներուն մէջ»: