image

Ստեփան Ֆով. Գրեց՝ Գերշ. Տ. Նորվան արք. Զաքարեան

Ստեփան Ֆով. Գրեց՝ Գերշ. Տ. Նորվան արք. Զաքարեան

Բնագիտութեան (physique) կալուածէն ներս, վերին աստիճանի համեստ եւ խոնարհ գիտաշխատող մըն է Ստեփան Ֆով եւ դասախօս՝ École Normale Supérieure-ի։ Մօրը կողմէ հայ, մեծանուն այս գիտնականը հայերէն լեզուն սորված է սեբաստացի մեծ մօր՝ Սիրանոյշի ծունկերուն վրայ, իսկ ոտանաւոր արտասանելը՝ մեծ հայրիկէն՝ Գառնիկ Յովհաննիսեանէն։ Ի՛նչ կախարդանքով փոխանցած ըլլալու են իրենց թոռնիկին հայ լինելութեան արժէքը այս մեծ հայրիկն ու մեծ մայրիկը որ, փոքրիկն Ստեփանին սիրտը սկսած է արդէն բորբոքիլ անբացատրելի հայասիրութեամբ։ 

Հայկականութեամբ տոգորուած Ստեփանի հոգին, պատանի տարիքէն կը մղուի Հայոց պատմութիւնը տարածելու շրջապատին մէջ։ Օր մը Que sais-je-ի հրատարակութիւն՝ «Արմենի» խորագրով հատորէն տասնեակներով կը գնէ գրախանութէն ցրուելու համար ծանօթներու եւ անծանօթներու։ Նոյնիսկ ես արժանացած եմ այդ նուէրին, երբ հովուական այցելութեամբ գացած էի իրենց։ Կրնամ ըսել մինչեւ այսօր տպաւորուած եմ պատանիին վսեմ այդ արարքէն։ Զարմացած եմ նոյն ատեն, այդ տարիքին,– դեռ 14 տարեկան,– նման մտածում մը յղանալուն եւ գործադրելուն։ Ի՛նչ սէր կուտակուած ըլլալու է այդ պատանիին սրտին մէջ հանդէպ իր հայկական արմատներուն, որ պահանջք զգացած է գործնապէս զայն դրսեւորելու։ Այդ սիրոյ մէջ կայ միանգամայն պատանի, անգիտակից հոգ մը, ընդվզում մը ընդդէմ անարդարութեան, ընդդէմ անմարդկային ոճիրի, գործուած՝ Հայութեան դէմ, որ ապագայ գիտնական, Ստեփան Ֆով, գիտակցօրէն պիտի դրսեւորէր Վայնշթայնի միջադէպով։

Վայնշթայնը, École des Hautes Etudes en Sciences Sociales-ի դասախօս մըն էր, մասնագիտութեամբ պատմաբան, կը դասաւանդէր Թրքական եւ Օսմանեան պատմութիւն։ Յիշենք որ այս պատմաբանը իր յօդուածներով եւ հրապարակային ելոյթներով ճանչցուած էր որպէս Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող պատմաբան։

1998-ին, Collège de France-ը, ի պատիւ Վայնշթայնի կը մտածէ Թրքական եւ Օսմանեան պատմութեան ամպիոն մը հիմնել որուն դէմ հայ համայնքէն առաջին բողոքողը կ՚ըլլայ հանրածանօթ հասարակական գործիչ պարոն Գլօտ Մութաֆեան։ Անկախ պարոն Մութաֆեանէն, Ստեփան Ֆով իր հերթին բողոքելով Collège de France-ի այս որոշումին դէմ, իր շրջապատի գիտնականներուն մօտ, (մանաւանդ այն գիտնականներուն՝ որոնց քուէարկութեամբ պիտի վաւերացուէր որոշումը), մեծ աշխատանք կը թափէ ձախողեցնելու համար ընտրութիւնը որպէսզի Վայնշթայն այդ պաշտօնին չկոչուի։ Երկու ձեռնպահութեամբ, եւ միայն մէկ քուէի տարբերութեամբ, Վայնշթայն կ՚ընտրուի։ Այս արդիւնքին յուսախաբութիւնը բնաւ չի տկարացներ Ստեփան Ֆովը։ Իր չափերով, իր մէջ աւելի կը զօրանայ շարունակելու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքի պաշտպանութիւնը։

Ներկայիս, Վայնշթայն ի կեանս չէ... Ամպիոնն ալ փակուած...

Ստեփան Ֆով, որդին է Institut Pasteur-ի յայտնի գիտաշխատողներէն՝ Ռոպէր Ֆովի եւ հոգեբոյժ՝ Լուիզի, ծնեալ Յովհաննիսեան։ Ծնած է Փարիզ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Սեւրի իր ապրած թաղամասի ֆրանսական ազգային վարժարանին մէջ, մինչեւ լիսէ։ Համալսարանական բարձր կրթութեան համար, ուսումը շարունակած է Սէն Գլուի École Normale Supérieure-ի մէջ։ Վկայուած է բնագիտութեանց ակռէժէ տիտղոսով։ 1984-ին, կը պաշտպանէ պետական իր աւարտաճառը Գիտնական Ալպէր Լիպշապէրի հսկողութեամբ, որմէ ետք École Normale Supérieure-ի մէջ կը հրաւիրուի ուսուցման պաշտօնի։ Բնագիտութեան աշխարհին մէջ, կարճ ժամանակի ընթացքին, մեծ համբաւ կը վայելէ, շնորհիւ յայտնաբերած նորութիւններուն՝ գիտահետազօտական կալուածէն ներս։

Դասախօս եւ գիտաշխատող Ստեփան Ֆով, 1987-ին Լիոնի մէջ École Normale Supérieure-ի նորահաստատ մասնաճիւղին մէջ, պաշտօնի կը հրաւիրուի, եւ իրեն կը վստահուի կարեւոր պարտականութիւններ, զորս կը ղեկավարէ ձեռնհասօրէն։ Ան ճանչցուած է որպէս աւագ հիմնադիր Լիոնի École Normale Supérieure-ի Բնագիտութեան լապորաթուա-

րին։ Իրեն կը պարտին հետազօտութեան այլազան առանցքներու տեղակայումը։

Այստեղ, տասը տարի հարուստ վաստակ կ՚ունենայ գիտաշխատող Ստեփան Ֆով։ Կ՚արժէ կարդալ գիտական թերթերու մէջ պատկառելի գիտնականներու կարծիքն ու բարձր գնահատականները իր յայտնաբերութիւններուն մասին։

Միջանկեալ ըսենք որ, 1988-ին, ցաւ ի սիրտ կը փակուի Մխիթարեաններու Սեւրի Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանը։ Մտահոգիչ եւ սարսռազդու այս լուրէն չի ցնցուիր հայ հասարակութիւնը։ Երկար տասնամեակներու հայեցի դաստիարակութեան լուսապայծառ ջահը բոցավառ պահող պատմական այս հաստատութիւնը կարծէք գոյութիւն չէ ունեցած։ Պոռթկում չկայ։ Համայնքին ծայր աստիճան անտարբերութիւնը մտածել կու տայ, եւ, նշան մըն ալ է թերեւս, որ այլեւս համակերպինք թէ հիմնովին փոխուած է հայ հասարակութեան հոգեբանութիւնը, խորտակուած է ամէն զգայնութիւն, եւ ասկէ ետք ամէն ինչ որ կայ հայկականութեան հետ աղերսուած, կրնայ կորսուիլ։ Մէկուն հոգը պիտի չըլլայ։ 

Աւելցնենք որ, այս առթիւ, հայ մամուլին մէջ ուշացումով հազիւ մի քանի յօդուած լոյս տեսաւ։ 

Ահա այսպիսի հոգեբանական մթնոլորտի մը մէջ է, որ նոյն տարին, Լիոնի մէջ, ամէնօրեայ վարժարանի մը հիմնումին նախաձեռնութիւնը համեստօրէն յանձն պիտի առնէի, աջակցութեամբ Լիոնի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ազգային միութեան վարչական կազմին։ Մեծ էր վերապահութիւնը շատերու մէջ, Մխիթարեանի ճակատագրին պատճառով։ Բայց պէտք էր փորձել։

Նոր հիմնուող վարժարանը անմիջական կարիքն ունէր անշուշտ հայ մտաւորականներու եւ կրթական գործիչներու բարոյական օժանդակութեան։ Ստեփան Ֆովի Լիոնի մէջ պաշտօնավարութիւնը բարեպատեհ առիթ մըն էր, որ զինք հրաւիրէինք ղեկավար վարչական կազմին մէջ, օգտուելու համար իր փորձառութենէն։ Սիրայօժար իր պատասխանը մեծապէս օժանդակեց ծրագրի յաջողութեան։

Տարիները թաւալեցան, վարժարանը կոչուեցաւ բարերարներու անունով՝ Մարգարեան-Փափազեան, աշակերտութեան թիւը կարեւոր աճ մը արձանագրեց եւ 1997-ին դպրոցը օժտուեցաւ նաեւ նորակառոյց շէնքով մը։ 

Նոյն տարուան վերամուտին՝ Ստեփան Ֆով կը ստիպուի հեռանալ Լիոնէն, կանչուած ըլլալով Փարիզի École Normale Supérieure-էն, հոն շարունակելու համար իր պաշտօնը։

Հոս տեղին է նշել, որ Հայաստանի պետական ներկայացուցիչներու կողմէ, Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամը հիմնուեցաւ Լիոնի մէջ, ոչ միայն գործարար մարդոցմով, այլ նաեւ բանիմաց ազգային գործիչներու եւ կարող մտաւորականներու աջակցութեամբ։ Այդ օրերուն Ստեփան Ֆով Լիոն կ՚ապրէր, կազմակերպիչներու ուշադրութենէն վրիպած չէր իր ներկայութիւնը, նկատի ունենալու համար զինք ալ որպէս հիմնադիր անդամ։

Անվհատ գիտաշխատող մըն է Ստեփան Ֆով, սիրահար մը իր գործին։ Լապորաթուար կը մտնէ, ինչպէս մենակեաց մը իր աղօթատունը, ա՛լ անժամանակին մէջն է ան, յայտնի չէ երբ դուրս կ՚ելլէ հոնկէ։ Կ՚որոնէ, կը փնտռէ, կը յայտնաբերէ, փորձարկած իրերուն փաստարկումները կը տարազէ եւ վերջապէս յօդուածներով լոյս կ՚ընծայէ զանոնք առ ի օգտագործութիւն։ Ի յայտ բերած է տասնեակներով գիւտեր։ Բնագիտութեան հռչակաւոր գիտնականներ բարձր գնահատելով անոր յայտնաբերած տեսութիւնները, 2011-ին, զինք կ՚անդամագրեն որպէս ակադեմական՝ Ֆրանսայի Գիտութեանց ակադեմիայի։ Միեւնոյն տարին, ակադեմական կը դառնայ նաեւ Էօրօփաէա ակադեմիայի։ 

Իր համեստութիւնը չվիրաւորելու համար զանց կ՚առնենք այստեղ նշել այն պատիւներն ու շքանշանները որոնցմով պարգեւատրուած է Եւրոպայի կամ Միացեալ Նահանգներու զանազան կաճառներու կողմէ։ 

Բնագիտական յայտնաբերումները այնքան հետաքրքրութիւն ստեղծած են աշխարհի բնագէտներու մէջ որ, հրաւիրուած է բազմաթիւ երկիրներ դասախօսելու համար համալսարաններու մէջ, ինչպէս Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Մեքսիքա, Չիլի, Հնդկաստան, Ճափոն, Անգլիա, Գերմանիա, Իտալիա, եւ այլն։ Այս շարքին՝ չմոռնանք Հայաստանը, ուր հրաւիրուած է քանի մը անգամ։ Հաճոյք մըն է իրեն համար համագործակցիլ Հայաստանի ֆիզիկոսներու հետ։ Իր մատուցած ծառայութիւնները մեծապէս գնահատուելով, Հայաստան արժեւորած է զինք Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան ակադեմական անդամի տիտղոսով։

Հայաստանի անկախութենէն ետք, Հայաստան-Եւրոպա գիտական փոխյարաբերութիւններու ծիրէն ներս, Ստեփան Ֆով, Պրիւսէլի մէջ, կը յաջողի եւրոպական պայմանագիր մը ձեռք բերել, օգնելու համար Հայաստանի ֆիզիկոսներուն։

Ստեփան Ֆովի բնագիտական տեսութիւններու բովանդակութեան մասին պիտի կարենային արտայայտուիլ միայն այդ գիտաշխարհի մասնագէտներ, հետեւաբար այս գրութեան մտադրութիւնը, ինչպէս ենթախորագիրը կ՚ըսէ, կը ձգտի ճանչցնել մեր արժէքները։ Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս, կատարուած այս իրողութիւնը պիտի ընկալուի գիտնականին կողմէ, քանի որ ան միշտ մերժած է հարցազրոյցի առաջարկներս, իսկ իր թելադրանքը եղած է... չգրել իր մասին։ 

Մինչ իր մասին կենսագրական տեղեկութիւններ քաղելու համար ստիպուեցայ օգտուիլ Ուիքիփետիայի տուեալներէն։

Բնագէտին գործը, Ստեփան Ֆովին համար, պէտք է ծառայէ մարդու բարիքին։

 

Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան

Նիւթը՝ «Նոր Յառաջ»էն