image

Սպասման շաբաթ

Սպասման շաբաթ

AMMA -ի Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ Արէն Տէյիրմենճեան կը գրէ՝

Որպէս կազմակերպութիւն՝ AMAA-ն (ԱՀԱԸ-Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւն) գրեթէ ամէն օր գործ ունի Հայաստանի մշտափոփոխ իրողութիւններուն հետ: Որքան ալ ցանկանք աշխատանքն արագ աւարտին հասցնել, տեսնել մեր նախագիծերու վերջնարդիւնքը, վայելել մեր ցանած սերմերու պտուղները… մենք սորված ենք սպասել:


Կը սպասենք, քանի դեռ Աւետիսեան դպրոցի մեր սաները յաջողութեան պատմութիւններ կը կերտեն:

Կը սպասենք, քանի դեռ կրթաթոշակառուները կ'արդարացնեն բարձունքներ նուաճելու մեր սպասելիքները։

Կը սպասենք, քանի դեռ մեր տարբեր ծրագիրներու երեխաները կը դիմագրաւեն իրենց դժուար անցեալը եւ յաղթանակ կը տանին կեանքին մէջ։

Կը սպասենք, քանի դեռ մեր եկեղեցիները կը մեծնան, որպէսզի հպին թմրած հոգիներուն:

Կը սպասենք, քանի դեռ մեր հայրենիքը կենաց-մահու պայքար կը մղէ իր գոյամարտերուն մէջ:


Անցած ամիսներուն մենք ծաւալուն աշխատանք տարինք ընտանիքներու հետ եւ սպասեցինք, մինչեւ «Revive»-ի շրջանակէն ներս կարողանանք 50-էն աւելի արցախցի տեղափոխել իրենց նոր տուները: Այժմ կը շարունակենք ընել աւելին, քանի դեռ կը սպասենք, որ անոնք նորէն իրենք իրենց հանգիստ ու խաղաղ զգան:


Այնուամենայնիւ, պարտադիր չէ, որ սպասումը բացասական բնոյթ ունենայ։ Ք․Ս․Լիւիսն ըսած է․ «Վստահ եմ, որ Աստուած ոչ ոք չի պահեր սպասման մէջ, քանի դեռ համոզուած չէ, որ սպասելը բարի է իրեն համար»։

Յիսուսը կրնար յարութիւն առնել իր խաչելութենէն յետոյ՝ երկրորդ օրը:


Բայց Ան նախընտրեց մէկ օր սպասել:


Շաբաթ օրը, երբ անորոշութիւնն ու երկիմաստութիւնը անձնաւորուած են խաչի վրայ՝ մեզի ցոյց տալու, թէ որքան անբաժանելի են անոնք կեանքին մէջ, մենք կը գիտակցինք, որ երբեմն սպասելու մէջ բարիք կայ:


Թող այս Զատիկը օգնէ մեզի գտնելու այն։