Փութին կը յարէ ՝ իրենք խոստումի տէրն են
Մտանք Ուքրանիոյ պատերազմի 9-րդ օրը։ Ռուսաստանի կողմէ շղթայազերծուած այս պատերազմը տարբեր առումներով իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ, ոչ միայն Ռուսաստանեան «արբանեակ»ին կամ ցամաքին վրայ, այլ նաեւ պիտի տարածուի ողջ աշխարհով մէկ։
Արեւմուտքը, (շատերդ կրնաք չընդունիլ այս տեսակէտը, սակայն այն հիմնաւորեալ տեսակէտ է) որ հիմնական պատճառը եղաւ այս պատերազմին, կը շարունակէ ամենածանր պատիժները կիրառել Ռուսաստանի դէմ, մոռնալով նաեւ,որ տնտեսական խորքայնութիւն ունեցող պատժամիջոցները, աւելով կը խորացնեն առկայ վիհը, ու նոյնքան վնաս պիտի հասնեն ամենածեր մայրացամաք համարուող Եւրոպային։
Կայ նաեւ կարծիք, որ Ռուսաց նախագահ Վ. Փութին, ակամայ գնաց այս պատերազմին ու տեղ մըն ալ «ինկաւ» իր դէմ լարուած ծուղակին մէջ։
Ընտրանքներուն երրորդը չկայ անշուշտ ու փաստ է արդէն, որ այս պատերազմէն ետք կամ պիտի տեսնենք աւելի հզօր Փութին մը (որ կրնայ առաջնորդել վիրաւոր եւ պատիժներէն գերյոգնած Ռուսաստան մը) կամ ալ պիտի տեսնենք թուլացած եւ իշխանութիւնէն հեռանալ պատրաստուող «պարտուած» առաջնորդ ՝Փութինը, որ ամէն բան ի գործ դրաւ, որպէսզի կարողանայ վերականգնել հզօր եւ տիրական Ռուսաստան մը զերդ Ձարական Ռուսաստանին։
Ամէն պարագայի տակ աշխարհը ակնդէտ կը սպասէ, որ պատերազմը պահով մը «շունչ» քաշէ, կանգնի տեղ մը, գիծի մը, կէտի մը վրայ ու առիթ տրուի անկեղծ հիմքեր ունեցող բանակցութիւններուն։
Ամէն պարագայի, երբ երէկ երեկոյեան այս յօդուածը գրելու գործին է, մտքերս ու տեղեկութիւններս կիսելու համար ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուս հետ, կարեւոր տեղեկութիւններ սկսան «սպրդիլ» կապուած Պէլառուսիոյ եւ Լեհաստանի սահմանին տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մասին։ Եւ այսպէս լիբանանեան «Էմ. Թի. Վի.» կայանը յղում տալով Ուքրանական աղբիւրի մը կը հաղորդէր, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին եւ նոր թուականի մը ճշդումը շուտով պիտի կատարուի։ Աղբիւրը կը նշէր, որ բանակցութեանց յաջորդ նիստին պիտի վճռուի հրադադար հաստատելու կարեւորագոյն խնդիրը, բան մը որ կը բխի զուտ մարդասիրական հիմքերէ։
Ինչ կը վերաբերի քաղաքական ընդհանուր պատկերին, ապա երէկ այս ահռելի խաղին երկու հիմնական դէմքերը յայտարարութիւններով հանդէս եկան։ Մինչ Զէլէնսքի կը վերահաստատէր, որ իրենց բանակը պիտի շարունակէ պայքարիլ ռուսաստանեան ներխուժող (բառը իրն է, խմբ. ՝Ս. Ա.) բանակներուն դէմ, անդին Վլատիմիր Փութին, իրեն յատուկ սառնասրտութեամբ կը յայտնէր, որ Ուքրանիոյ դէմ ընթացք առած «յատուկ գործողութիւն»ը կը շարունակուի եւ ռուսական բանակը կը յարգէ բոլոր ժամկէտները ու կը կատարէ իր առաջ դրուած բոլոր առաջադրանքները։
Յստակ է անշուշտ, որ ինչպէս բոլոր պատերազմներու պարագային երկու կողմերն ալ հրապարակաւ հանդէս պիտի գան, բնականաբար բաւականին կարծր դիրքերով, սակայն հարցը այս պարագային բոլորովին այլ հարթութեան վրայ է, այն իմաստով, որ ցանկացած պարագայի տակ, եթէ Ռուսաստան առանց Քիէւը իր ձեռքին մէջ առնելու ընդունի հրադադարի երթալ, այն կը նշանակէ, որ Ռուսաստանի անպարտելիութեան վարկածը բաւականին խոցուած պիտի համարուի, եւ այդ առիթ պիտի հանդիսանայ, որ նախագահ Փութին յայտնուի բաւականին դժուարին վիճակներու մէջ։
Ամէն պարագայի մինչեւ այս պահը տեղի ունեցած զարգացումները ցաւօք սրտի ցոյց կու տան, որ այս պատերազմը երկարատեւ ըլլալու բոլոր հիմքերը ունի, բացի անկէ, որ ՆԱԹՕ-ի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ «սպասելի» համարուած ուղղակի բախման մտահոգութիւններ կարծես թէ վերացած են, իսկ մտահոգիչն այն է, որ միջազգային հանրութիւն կոչուածը, ոչ մէկ աչալուրջ ճիգ կը կատարէ դադրեցնելու համար բոլոր կողմերուն համար գործանանար հետեւանքներ ունեցող այս սարսափելի արհաւիրքը։
Ռազմական առաջնահերթութիւնը՝ Օտեսային
Եթէ շատ արագ հայացք մը նետենք գետնի վրայ տեղի ունեցող ռազմական թէժ գործողութիւններուն, ապա արագօրէն պիտի նկատենք, որ Ռուսաց զօրքերուն համար առաջնային դարձած է Ուքրանիայէն կտրել ծովային տարածքներէն։
Եւ այսպէս մինչ ծանր մարտեր տեղի կ՚ունենան ծովեզերեայ Մարիոփոլ քաղաքին մէջ (ուր անզէն 2 հազար քաղաքայիններ զոհուած են) եւ ըստ շարք մը ռազմական մասնագէտներու քաղաքի անկումը ժամերու հարց է, անդին ռուսական զօրքեր նպատակակէտ դրած են հասնիլ դէպի այլ կարեւոր քաղաք մը՝ Օտեսա։ Այս բոլորը անշուշտ ունին մէկ հիմնական նպատակ, որն է Ուքրանիոյ «իշխանական» հատուածները ընդհանրապէս կտրել ծովային տարածքներէն եւ երկիրը յայտնել պաշարման ծանր օղակի ներքոյ։ Այդ պաշարումը ըստ երեւոյթին Քիէւը գրաւելու երկրորդ տարբերակ կամ «բլան պէ» մը կարելի է համարել։ Սա ռազմական թաքթիք կրնայ համարուիլ, որովհետեւ շատ խելացի քայլ առած պիտի ըլլան ռուսները օգտուելով ամբողջ աշխարհին կողմէ Քիէւի ուղղութեամբ առկայ մեծ հետաքրքրութիւնէն, այնտեղ առկայ ուքրանական ռազմական կուտակումներէն, տակաւին օտարազգի կամաւորներու ներհոսքէն, պիտի փորձեն ամէն գնով իրականութիւն դարձնել Ուքրանիան իր ծովէն կտրելու բաւականին կարեւոր գործողութիւնը։
Ճիշդ է, այս գործողութիւնը կրնայ բեկումնային չըլլալ, սակայն շատ բան կրնայ փոխել ընդհանուր պատկերին մէջ։
Հրադադարը, ուր որ է, պիտի գայ...
Օրուայ աւարտին, ճիշդ է ռազմերը կը շարունակուէին, սակայն բանակցութիւններու «դաշտ»էն կը հասնէին դրական լուրեր։ Խօսքը արագ եւ յատուկ նպատակներով գոյանալիք հրադադարի մը մասին, որ շատ հաւանաբար այս շաբաթավերջին դառնայ իրականութիւն։ Նոյն առումով յուսադրիչ է նաեւ Փութին-Մաքրոն անմիջական կապը, որ վերջին շրջանին բաւականին աշխոյժ է եւ ցոյց կու տայ, որոշակի յոյսեր Եւրոպա-Ռուսաստան նոր մակարդակի երկախօսութեան մը տեսակէտէն։
Ճիշդ է, որ ԱՄՆ կը շարունակէ սաստկացնել իր պատիժները, սակայն կայ ընդհանուր տրամադրութիւն, ըստ որուն այս պատերազմը պէտք է բացառապէս «պաշարուի» ու շարունակէ կրել միայն ու միայն տեղայնական բնոյթ։ Հետեւաբար համաշխարհային մեծ պատերազմի մը բռնկման վտանգները մեծ հաշուով վերացած են, պայմանաւ, որ ռազմական գործողութիւններու վերստին թէժացման պարագային կողմերէն մէկը կարողանայ մեծ բեկում մը առաջ բերել եւ «արդար» քրտինքով վաստակուած միաւորները վերածել քաղաքական գործօնի։
Եւրոպան չի կրնար «ապրիլ» առանց Ռուսաստանի, եւ այս դրուածքը լաւագոյն գիտակցուած է նոյնինքն եւրոպացիներուն կողէ, հակառակ անոր որ, մինչ Ռուսաստանի համար էականը դարձած է ռազմական առաւելութիւններ կուտակելը, իսկ ԱՄՆ-ին համար գերխնդիր է արդէն ջլատել եւ նոյնիս կտրել Ռուսաստան-Եւրոպա կապերը։
Ամէն պարագայի տակ, յառաջիկայ մէկ-երկու օրերը աւելի քան կարեւոր են, ու յստակ է նաեւ, որ Ռուսական կողմը պարտաւորուած պիտի ըլլայ իր ռազմական ծրագիրները վերամշակել, եթէ անշուշտ Քրէմլ կը հաւատար, որ արագ հարուածով մը, պիտի կարողանար շատ արագ կերպով անդամալուծել եւ իր ափերուն մէջ առնել Ուքրանիոյ մայրաքաղաք՝ Քիէւը, որուն գրաւումը պիտի ունենար անշուշտ քաղաքական մեծ նշանակութիւններ։
Սագօ Արեան