image

Արտօնագիր

Արտօնագիր

Երուսաղէմ ճամբորդե՞լ կ՚ուզես:

Կը վերցնես հեռաձայնը, ոստիկանատան յատուկ յանձնարարութիւններու սպան կը փնտռես: Լաւ կը ճանչնաս զինք, կը հարցնես անոր որպիսութիւնը, կատակ կ՚ընես անուր հետ: Ապա, կը խնդրես, որ քեզի ճամբորդութեան արտօնութիւն տայ քեզի մէկ օրուան համար՝ առանց քնանալու: Կ՚ըսէ քեզի.

-Գրաւոր դիմում մը ներկայացուր:

Գործդ կը ձգես եւ գրաւոր դիմումը կը ներկայցնես փայլուն թուղթի մը վրայ…, եւ կը սպասես պատասխանին: Օր մը…, երկու օր…, երեք օր: Յոյս մը կայ, որովհետեւ ըստ սովորութեան «ոչ» չըսին: Սակայն, կը սպասես, բայց ժամադրութիւնդ Երուսաղէմի մէջ՝ կը մօտենայ: Կը հարցնես անոնց…, կը խնդրես…, կը պաղատիս անոնց, որպէսզի որեւէ մէկ բան ըսեն. որպէսզի «ո՛չ» ըսե՛ն, այդպիսով ազատ ըլլաս ժամադրութենէդ: Չեն ըսեր: Կը տեղեկացնես անոնց, որ մի քանի ժամ մնացած է քեզի միայն, կ՚ըսեն.

-Մէկ ժամ վերջ եկուր մեր մօտ, որպէսզի պատասխան ստանաս:

Կը վերադառնաս [մէկ ժամէն], կը տեսնես, որ գրասենեակը գոց է: Անմեղութեամբ կը հարցնես.

-Ինչո՞ւ կ՚ամչնան ինձմէ: Ինչո՞ւ իրենց սովորութեան համաձայն «ո՛չ» չեն ըսեր միշտ: Կը բարկանաս ու կ՚որոշես՝ տգիտութեամբ, որպէսզի վրէժխնդիր ըլլաս պետական անվտանգութեան մարմինէն… եւ կը ճամբորդես:

Յաջորդ օրը, կը հրաւիրեն քեզ, որպէսզի ներկայանաս զինուորական շտապ դատարանին դիմաց: Կարգիդ կը սպասես եւ զարմանազան պատմութիւններ կը լսես. արաբ կին մը Քիպոթսի մէջ կ՚ապրի: Իր հրամանագիրը այնպէս է, որ արգիլուած է իրեն ճամբուն վրայ որեւէ մէկ կայարան իջնել: Պատճառով մը ստիպուած եղած է իջնելու, որով ձերբակալած են զինք: Երիտասարդներ, կեդրոնական փողոցէն շեղած են, ձերբակալած են զանոնք: Դատարանը ո՛չ ոք կ՚արդարցնէ: Բանտ եւ տուգանքներ: Կը յիշես ծերունիին, իշուն եւ հրամանագիրին պատմութիւնը. ծերունին իր արտը կը հերկէր: Իր վերարկուն ծառէ մը կախեց, եւ հրամանագիրը վերարկուին գրպանն է, որ այնտեղ՝ այդ ծառին վրայ կախած էր: Ձերբակալեցին ու դատեցին զինք:

Կը յիշես նաեւ մահուան վկայականները, որով պարտիզպանները կը ստորագրէին գրութեան մը տակ, որ զիրենք պատասխանատու կը դարձնէր իր մահուան, եթէ ռումբ մը պայթէր այն վայրերուն մէջ, ուր բանակը ռազմափորձեր կատարելու համար կը գործածէր: Այս հրամանագիրը պետութիւնը զերծ կը պահէր պատասխանատուութիւն կրելէ: Սակայն, պարտիզպանները կը մտածէին իրենց պատառ մը հացին մասին եւ չէին մտածեր մահուան մասին: Եւ իրապէս, մահացաւ անոնցմէ ով պիտի մահանար եւ ապրեցաւ ան, ով պիտի ապրէր, իսկ պետութիւնը յուսախաբուեցաւ թէ՛ ողջերէն եւ թէ մեռելներէն, որով հողը բռնագրաւեց:

Կը յիշես նաեւ այն փոքր աղջնակը, որ իր հօր գիրկին մէջ մահացաւ զինուորական կառավարիչին գրասենեակին դիմաց, մինչ հայրը ճամբորդութեան հրամանի կը սպասէր իր գիւղէն դէպի քաղաք, բուժելու համար իր հիւանդ աղջնակը:

Ուրախութիւն կը զգաս, որովհետեւ անոնք քեզ բանտարկեցին միայն երկու ամիս: Իսկ բանտին մէջ, հայրենիքին համար կ՚երգես…, սիրածիդ նամակներ կը գրես, ժողովրդավարութեան մասին յօդուածներ կը կարդաս, ինչպէս նաեւ «Ազատութիւն կամ մահ»ուան մասին, բայց դուն քեզ ո՛չ կ՚ազատագրես… եւ ո՛չ ալ կը մեռնիս:

***

Յունաստան ճամբորդե՞լ կ՚ուզես:

Անձնագիրդ կը խնդրես, որով կը յայտնաբերես, թէ քաղաքացի չես, որովհետեւ հայրդ կամ ազգականներէդ մէկը Պաղեստինի պատերազմի ժամանակ փախցուցած եւ բերած է քեզ այստեղ, երբ տակաւին մանուկ մըն էիր: Կը յայտնաբերես նաեւ, թէ ոեւէ մէկ արաբ, որ այդ ժամանակաշրջանին իր քաղաքը ձգած էր եւ որպէս փախստական վերադարձած էր այնտեղ, կորսնցուցած է քաղաքացիութեան իր իրաւունքը:

Կը յուսահատիս անձնագիրէն եւ անցնելու արտօնագիր կը խնդրես: Կը յայտնաբերես, թէ Իսրայէլի մէջ չես բնակիր, քանի որ կեցութեան թուղթ չունիս: Կատակ կը կարծես այս բոլորը եւ կը շտապես փաստաբան ընկերոջդ պատմելու այս բոլորին մասին. «Ո՛չ, ես այստեղ քաղաքցի եմ, ո՛չ ալ այստեղ կը բնակիմ: Ո՞ւր եմ ես եւ ո՞վ եմ ես»: Կը զարմանաս, որ օրէնքը իրենց կողքին է, եւ դուն պարտաւոր ես գոյութիւնդ փաստելու: Ներքին գործոց նախարարութեան կ՚ըսես. ես ներկա՞յ եմ, թէ՞ բացակայ: Տուէ՛ք ինծի փիլիսոփայութեան մասնագէտ մը, որպէսզի փաստեմ անոր՝ թէ ես կա՛մ:

Ապա կը գիտակցիս, թէ փիլիսոփայականօրէն գոյութիւն ունիս, բայց օրէնքով՝ բացակայ ես:

Օրէնքի մասին կը մտածես: Ի՜նչ անմեղ ենք, երբ կը կարծենք, թէ օրէնքը արդարութեան եւ ճշմարտութեան ամանն է: Օրէնքը այստեղ կառավարիչին կամեցածն է, կամ համազգեստ մը՝ որ իր ուզածին պէս կարել կու տայ: Իսկ ես այս երկրին մէջ գոյութիւն ունիմ, նախքան որ այս պետութիւնը ուրանայ իմ գոյութիւնս: Անգամ մը եւս կը նկատես, որ իրաւունքը փափաք մըն է, որ երեւակայութեան կը մօտենայ՝ եթէ ուժի կապէն հեռացաւ եւ թէ ուժը երեւայակութիւնը իրականութեան կը վերածէ: Կը խնդաս օրէնքին, որ աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր հրեայի իսրայէլեան քաղաքացիութիւն կը շնորհէ:

Դարձեալ կը փորձես, յոյսդ դնելով Աստուծոյ եւ օրէնքին վրայ: Վկայական մը կը ստանաս, թէ դուն գոյութիւն ունիս եւ անցնելու արտօնագիր մըն ալ կը ստանաս: Սակայն ուրկէ՞ պիտի անցնիս: Դուն Հայֆայի մէջ կ՚ապրիս, իսկ օդակայանը Թալ Ապիպի մօտակայքն է: Ոստիկանութենէն Հայֆայէն ճամբորդութեան արտօնագիր մը կը պահանջես, բայց կը մերժէ: Փաստաբանն ու ազգային ժողովի անդամները կը միջամտեն, սակայն ոստիկանութիւնը կը մերժէ: Ապա, կը կարծես, որ անոնցմէ աւելի խորամանկ ու հնարամիտ ես, որով ճամբուդ ուղղութիւնը կը փոխես եւ կ՚որոշես Հայֆայի նաւահանգիստէն ճամբորդել՝ կարծելով, թէ նաւահանգիստ հասնելու իրաւունք ունիս: Կը հրճուիս խելացութեանդ համար: Տոմս մը կը գնես, անձնագրերու ստուգման, առողջութեան եւ մաքսանենգութեան բաժինները կ՚անցնիս առանց որեւէ մէկ արգելքի: Նաւակին մօտ, սակայն, կը ձերբակալեն քեզ եւ դատարան կը ներկայացնեն: Բայց եւ այնպէս կը յամառիս, թէ այս անգամ օրէնքը քեզի հետ է:

Դատարանէն ներս կը յայտնաբերես, թէ Հայֆայի նաւահանգիստը Իսրայէլի պետութեան մէկ մասնիկն է եւ ո՛չ թէ Հայֆա քաղաքին: Կը յիշեցնեն քեզի նաեւ, թէ Հայֆայէն դուրս Իսրայէլի պետութեան որեւէ մէկ հողակտորին վրայ քու ներկայութիւնդ արգիլուած է: Եւ նաւահանգիստը՝ օրէնքով, Հայֆայէն դուրս է, որ կը դատուիս…:

Կ՚ըսես անոնց. կ՚ուզեմ վտանգաւոր խոստովանութիւն մը կատարել այնքան ատեն, որ օրէնքը հասկցայ. պարոնա՛յք, ես ամէն օր ծովուն մէջ կը լողամ, իսկ ծովը Իսրայէլի պետութեան կը պատկանի եւ ո՛չ թէ Հայֆա քաղաքին, իսկ ես ծով մտնելու արտօնագիր չունիմ:

Ուրիշ խոստովանութիւն մըն ալ ունիմ. ես կը վայելեմ կլիման Հայֆայի մէջ. սակայն օդը Իսրայէլի պետութեան կը պատկանի եւ ո՛չ թէ Հայֆայի: Իսկ ես արտօնագիր չունիմ կլիմայէն ներս մտնելու: Երկինքն ալ, որ Հայֆային վրայ կը տեսնեմ՝ Հայֆային չի՛ պատկանիր: Իսկ ես արտօնագիր չունիմ երկինքին տակ նստելու:

Ապա կը պահանջես անոնցմէ, որպէսզի հովին համար արտօնագիր մը տան քեզի… կը ժպտան…:

(«Տխրութեան սովորական օրագիր»)

Վարանդ Քորթմոսեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Վարանդ Քորթմոսեան

Վարանդ Քորթմոսեան

Վարանդ (Յակոբ) Քորթմոսեան։ Ծնած է Սուրիա, Քես...