image

Սպառազինnւթեան ոլորտի մէջ Ռուսիոյ հետ խնդիրները մեծ մասամբ կարգաւորուած են. Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Սպառազինnւթեան ոլորտի մէջ Ռուսիոյ հետ խնդիրները մեծ մասամբ կարգաւորուած են. Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Սպառազինութեան ոլորտի մէջ ռուսաստանեան ընկերութիւններու հետ ունեցած խնդրայարոյց հարցերը մեծամասամբ կարգաւորուած են, սակայն շարք մը խնդիրներ կը շարունակեն մնալ չլուծուած, «Ազատութեան» գրաւոր հարցին ի պատասխան յայնտնած են Պաշտպանութեան նախարարութենէն՝ չյստակեցնելով՝ արդեօք խօսքը 400 միլիոն տոլարի շրջածիրէն ներս իրականացուած մատակարարումներու մասին է:

Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք Հայաստանի իշխանութիւնները ամենաբարձր մակարդակով կը դժգոհէին, թէ Ռուսիոյ միլիոնաւոր տոլարներ փոխանցած են, սակայն այդպէս ալ զէնք չեն ստացած:

Ռուսիոյ դեսպանը, մինչդեռ, մէկ ամիս առաջ պնդած էր, թէ ռազմատեխնիկական (ռազմական արհեստագիտութեան) համագործակցութեան ոլորտի մէջ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ կնքուած գրեթէ բոլոր պայմանագրերը աւարտած են ժամանակին:

Իշխանական պատգամաւորները միայն վերջերս յայտնեցին, որ Ռուսիան արդէն մատակարարումներ կ՚իրականացնէ: Պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամ Գագիկ Մելքոնեանը մօտ մէկ շաբաթ առաջ «Ազատութեան» ըսած էր, որ ռուսական զէնքի մէկ խմբաքանակ արդէն Հայաստան հասած է: