image
Հրատապ լուրեր:

Սպանուած են Իրանի անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարն ու «Պասիժ» ջոկատի հրամանատարը․ Իսրայէլի ՊՆ

Սպանուած են Իրանի անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարն ու «Պասիժ» ջոկատի հրամանատարը․ Իսրայէլի ՊՆ

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնած է, որ սպաննուած են Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանին եւ «Պասիժ» աշխարհազօրայիններու հրամանատար Ղոլամռեզա Սոլէյմանին։

Ըստ իսրայէլական կողմի՝ թիրախային օդային հարուածը կատարուած է մարտ 16-ի գիշերը Թեհրանի կեդրոնին մէջ։

Իրանական կողմը այս տեղեկութիւնը պաշտօնապէս չէ հաստատած, սակայն պետական լրատուամիջոցները հրապարակած են Լարիժանիի անունով գրուած ձեռագիր ուղերձ, նուիրուած ԱՄՆ-ի յարձակման պատճառով զոհուած նաւաստիներուն։

Ալի Լարիժանին վերջին անգամ տեսախցիկներու առջեւ եղած է մարտ 13-ին Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած «Ալ-Քուտսի օրուան» հանրահաւաքին։

Հաստատուելու պարագային, սա պիտի ըլլայ ամենաբարձրաստիճան պաշտօնեաներու սպանութիւնը 2026-ի փետրուար 28-ին սկսած պատերազմի սկիզբէն ի վեր, երբ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի համատեղ յարձակումներու հետեւանքով սպաննուած են Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենէն եւ անոր ընտանիքի քանի մը անդամ։

Ղոլամռեզա Սոլէյմանի վերջին վեց տարիներուն ղեկավարած է «Պասիժ» ստորաբաժանումը, որ հանդիսացած է Իսլամական Յեղափոխութեան Պահակագունդի (IRGC) կազմին մէջ գործող ներքին անվտանգութեան աշխարհազօրային ուժ։

Ալի Լարիժանին Իրանի քաղաքական վերնախաւի մէջ զբաղցուցած է առանցքային պաշտօններ, այդ շարքին՝ խորհրդարանի խօսնակի եւ միջուկային հարցերով գլխաւոր բանակցողի դերը։