image

Սպահանի գրոհի խնդրով Թեհրան բացայայտում կատարած է

Սպահանի գրոհի խնդրով Թեհրան բացայայտում կատարած է

Քիւրտ խմբաւորումներ առնչութիւն ունին Սպահանի մէջ Իրանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կառոյցներուն հասցուած անյաջող յարձակման հետ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Nournews»–ը` յղում ընելով Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդին մօտ կանգնած աղբիւրին։

Աղբիւրն ըսած է, որ Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ տեղակայուած հակայեղափոխական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները անօդաչու թռչող սարքի մասեր տեղափոխած են Իրան, որոնցով հետագային հաւաքած են անօդաչուները։

Նշուած է, որ տեղափոխումը իրականացուած է Իրանի հիւսիսարեւմտեան դժուարանցանելի լեռնային երթուղիով։