image

Սիւնիք եւ Վայոց ձոր՝ ձիւնաթափ

Սիւնիք եւ Վայոց  ձոր՝ ձիւնաթափ

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ ՀՀ տարածքին կան փակ ճանապարհներ։

Փակ են Արագածոտնի մարզի «Ամբերդ» բարձր լեռնային օդերեւութաբանական կայանէն դէպի Ամբերդ ամրոց եւ Քարի լիճ տանող ճանապարհները:

Սիւնիքի մարզի «Մեղրու սար» կոչուող հատուածը, Սիսիան-«Զանգեր» ճանապարհահատուածը եւ Վայոց ձորի մարզի Ջերմուկ քաղաքը  կը տեղայ ձիւն։

Վրաստանի Ներքին Գործոց Նախարարութեան Արտակարգ Իրավիճակներու բաժանմունքէն եւ ՌԴ ԱԻՆ Հիւսիսային Օսեթիոյ ճգնաժամային կառավարման կեդրոնէն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ Ստեփանծմինտա-Լարս ճանապարհը բաց է բոլոր տեսակի փոխադրային միջոցներու համար: