Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ ՀՀ տարածքին կան փակ ճանապարհներ։
Փակ են Արագածոտնի մարզի «Ամբերդ» բարձր լեռնային օդերեւութաբանական կայանէն դէպի Ամբերդ ամրոց եւ Քարի լիճ տանող ճանապարհները:
Սիւնիքի մարզի «Մեղրու սար» կոչուող հատուածը, Սիսիան-«Զանգեր» ճանապարհահատուածը եւ Վայոց ձորի մարզի Ջերմուկ քաղաքը կը տեղայ ձիւն։
Վրաստանի Ներքին Գործոց Նախարարութեան Արտակարգ Իրավիճակներու բաժանմունքէն եւ ՌԴ ԱԻՆ Հիւսիսային Օսեթիոյ ճգնաժամային կառավարման կեդրոնէն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ Ստեփանծմինտա-Լարս ճանապարհը բաց է բոլոր տեսակի փոխադրային միջոցներու համար: