image

Սիրած ուտելիքը «Պորշ»ն է

Սիրած ուտելիքը «Պորշ»ն է
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Թավրիտայի գեղարուեստական խումբի անդամներու հետ հանդիպման ժամանակ պատմած է՝ որ ուտեստն է իր ամենասիրելին եւ ինչպէս կը նախընտրէ հանգստանալ:
 
Ինչպէս նշած է ԹԱՍՍ-ը, Լաւրովն ըսած է, որ իր սիրած ուտեստը պորշն է, իսկ ազատ ժամանակը կը նախընտրէ անցնել բնութեան գիրկը:
 
«Իմ սիրած ուտեստը պորշն է», - ըսած է նախարարը ՝ պատասխանելով համապատասխան հարցին: Ան նաեւ նշած է, որ կը նախընտրէ հանգստանալ բնութեան գիրկը, մասնաւորապէս Սիպիրի մէջ:
 
«Առաջ շատ դահուկներ կը քշէի, հիմա՝ աւելի քիչ: Երբեմն կ'երթամ ընկերոջս որսորդական տարածք` բնութիւնը վայելելու: Իսկ ամառը` Սիպիր, ես կը սիրեմ Ալթայը, իմ ամենասիրելի գետը` Քաթունը, կան նաեւ վտակներ», -ըսած է Լաւրով՝ մանրամասնելով, որ տարուայ մէջ 10-12 օր կը փորձէ հանգստանալ: