image

Արդեօք վերջնակա՞ն համաձայնութիւն է, թէ… ԱՄՆ-ի հովանաւորութեամբ Իսրայէլ եւ Լիբանան համաձայնութիւն մը կնքեցին

Արդեօք վերջնակա՞ն համաձայնութիւն է, թէ…  ԱՄՆ-ի հովանաւորութեամբ Իսրայէլ եւ Լիբանան համաձայնութիւն մը կնքեցին

Չհաւատալու բոլոր հիմքերը ունին Լիբանանցիք, չհաւատալու, որ այս անգամ ալ  Ուաշինկթընի մէջ  յայտարարուած հրադադարը, կայուն, ամուր  եւ  տեւական  հրադադար մը պիտի ըլլայ։

Սագօ Արեան  լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝ 

Երէկ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու (Երկրորդ փուլ) աւարտին Միացեալ Նահանգները, Լիբանանն ու Իսրայէլը յայտարարեցին հրադադարի համաձայնութեան մասին

Համաձայնութիւնը պայմանաւորուած է «Հըզպալլա»ի կողմէ կրակի ամբողջական դադարեցումով եւ անոր ուժերու՝ Լիթանի գետի հարաւային շրջաններէն հեռացումով։

Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ ամերիկեան հովանաւորութեամբ կողմերը համաձայնած են արագացնել այն «փորձնական գօտիներ»ու ստեղծումը, ուր բացառապէս լիբանանեան բանակը պիտի վերահսկէ տարածքները՝ առանց ոչ պետական որեւէ զինեալ կառոյցի ներկայութեան։

Կողմերը նաեւ շեշտեցին, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու ապագան պէտք է որոշուի միայն երկու ինքնիշխան պետութիւններուն կողմէ՝ մերժելով արտաքին պետութիւններու կամ ոչ պետական դերակատարներու միջամտութիւնը։

Յայտարարութեան համաձայն, Լիբանանն ու Իսրայէլը վերահաստատեցին, թէ թշնամական մտադրութիւններ չունին իրարու հանդէպ եւ պիտի շարունակեն ուղղակի բանակցութիւնները՝ առկայ խնդիրներու լուծման եւ համապարփակ համաձայնութեան հասնելու նպատակով։

Պատուիրակութիւնները քննարկեցին նաեւ անվտանգութեան նոր շրջանակ մը, որ հիմնուած է 29 Մայիսին Փենթակոնի մէջ կայացած հանդիպումներուն վրայ եւ կը նպատակադրէ երաշխաւորել Լիբանանի եւ Իսրայէլի անվտանգութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը՝ ներառեալ ոչ պետական զինեալ խմբաւորումներու կազմաքանդումն ու անոնց վերակազմաւորման կանխարգիլումը։

Երեք կողմերն ալ դատապարտեցին Իրանի գործողութիւններն ու այն քայլերը, որոնք, իրենց գնահատմամբ, կը խաթարեն Միջին Արեւելքի կայունութիւնը։

Միացեալ Նահանգները վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Լիբանանի եւ Իսրայէլի կառավարութիւններուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին՝ անոր կարողութիւնները զարգացնելու եւ ամբողջ Լիբանանի վրայ պետական վերահսկողութիւնը ամրապնդելու նպատակով։

Իսրայէլ յայտարարեց, որ իր անվտանգութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը կարելի է ապահովել միայն «Հըզպալլա»ի զինաթափման եւ անոր ենթակառոյցներու կազմաքանդման- կազմալուծման միջոցով։

Իր կարգին, Լիբանան վերահաստատեց միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու փոխադարձ յարգման, հրադադարի ամբողջական գործադրութեան, ինչպէս նաեւ պետական ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն իր յանձնառութիւնը։

Կողմերը համաձայնեցան քաղաքական եւ անվտանգային բանակցութիւնները վերսկսիլ 22 Յունիսին սկսող շաբթուան ընթացքին՝ համապարփակ համաձայնութեան հասնելու նպատակով, մինչ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ միջնորդական իր դերակատարութիւնը։