Կ'առաջարկուի Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հայկական Շուշին ներառել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ժառանգութեան ցուցակին մէջ:
Այս գաղափարը Շուշիի մէջ կայացած միջազգային համաժողովին հնչեցուցած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հարցերով Մալթայի ազգային յանձնաժողովի նախկին ղեկավար Ռայմոնտ Պոնտինը:
Ան նշած է, որ Շուշին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ընդգրկուելու լաւագոյն թեկնածուն է: