Արցախի պաշտպանութեան բանակի շտաբի պետ Կամօ Վարդանեանի անունը եւս կար այն ցուցակին մէջ, որ Ատրպէյճանը ներկայացուցած էր որպէս պահանջ՝ շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի ճանապարհը բանալու եւ հայ բնակչութիւնը դուրսբերելու համար։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը։
Ներկայացուած ցուցակին մէջ ընդգրկուած պաշտօնեաներու մէկ մասին Ատրպէյճանը գերեվարած եւ անհիմն մեղադրանքներ առաջադրած է։ Այժմ անոնց մինչեւ ցմահ ազատազրկում կը սպասուի։
Լրագրողներու հարցին, թէ ինչպէս ոչ միայն Կամօ Վարդանեանը, այլեւ Սամուէլ Բաբայեանը յաջողած են դուրս գալ Արցախէն։ Շահրամանեանը նշած է՝ Սամուէլ Բաբայեանն Ատրպէյճանին հետաքրքրող միակ մարդը չէ, որ դուրս եկած է անվտանգ։
«Դուրս են եկել նաեւ գործող պաշտօնեաներ, պաշտպանութեան բանակի հրամանատարներ, Արցախեան շարժման ակտիւիստներ, Արցախեան առաջին պատերազմի ակտիւ մասնակիցներ»,-ըսած է Շահրամանեանը։
Սամուէլ Շահրամանեանը հերքած է ատրպէյճանական մամուլի մէջ հրապարակուած տեղեկութիւնները, թէ իբր ինքը գերեվարուած անձանց գտնուելու վայրի մասին տուեալները տուած է Պաքուին։
Ատրպէյճանական մամուլը գրած էր, թէ իբր Շահրամանեանը գերեվարուած անձանց գտնուելու վայրի մասին տուեալները փոխանցել Ադրբեջանին։
Անդրադառնալով Ռուբէն Վարդանեանի ձերբակալութեան՝ Շահրամանեանը հերքած է այն վարկածը, թէ անոր գտնուելու վայրի մասին տուեալները որեւէ մէկը տրամադրած է ատրպէյճանական կողմին։ Ան շեշտած է, որ Վարդանեանը չէ թաքնուած եւ փորձած է տեղահանուիլ բոլորի նման՝ Լաչինի միջանցքով, ուր տեղադրուած հսկիչ անցագրային կէտերուն մէջ ատրպէյճանցիները մանրակրկիտ ստուգումներ կատարած են։
«Բացառութիւն չէր սեպտեմբերի 25-ի պայթիւնի հետեւանքով զոհերի եւ վիրաւորների տեղափոխման պրոցեսը: Այդ ողջ ընթացքում ադրբեջանական ներկայացուցիչները ստուգում էին ուղղաթիռները, այդ թւում նաեւ քանդում էին այդ բինտերը երեսին կապուած մարդկանց՝ համոզուելու, որ այլ մարդ չի տեղափոխւում»,-ըսած է Շահրամանեանը։