Լիբանանի հայկական համայնքի մշակութասէր հասարակութիւնը տխուր կորուստ մը ապրեցաւ։
Օրերս Պէյրութի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանի Համազգայինի մեծ ընտանիքի նուիրեալ անդամներէն՝ Շողիկ Վարդիվառեան-Ակոբեանը։
Կը նշուի, նաեւ, որ հանգուցեալը երկար տարիներ ծառայած էր, որպէս մշակոյթի նուիրեալ եւ եղած էր անդամ Լիբանանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան։
Շրջապատին կողմէ սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն հանդիսացող ընկերուհի Շողիկը, առաքինի կին էր, նուիրեալ մայր եւ իր միջավայրին մէջ սիրուած ու փնտռուած անձնաւորութիւն։