image

«Շուտով մեր վիճակը պիտի բարելաւուի»Նախագահ Ասատ այցելեց կազարդիւնաբերութեան մեծագոյն կեդրոն

  «Շուտով  մեր վիճակը պիտի բարելաւուի»Նախագահ Ասատ այցելեց կազարդիւնաբերութեան մեծագոյն կեդրոն

Սուրիոյ նախագահ Տօքթ. Պաշշար Ասատ այցելութիւն տուած է «Ալ Ուըսթա» անունով յայտնի եւ երկրի մեծագոյնը համարուող կազարդիւնաբերութեան կեդրոն։

 

Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է Սուրիոյ նախագահութեան թէլէկրամի պաշտօնական էջը։

 Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ նախագահ Ասատ այցելած է գործարանի հիմնական այն մասերը, որ վնասուած էին Սուրիոյ պատերազմի տարբեր փուլերուն։

ախագահը բարձր գնահատած է գործարանի անձկազամին նուիրուածութիւնը ու հակիրճ խօսքով մը հանդէս գալով դրուատած է անոնց աշխատանքը։

Ասատ այցի աւարտին ըսած է, որ յառաջիկայ ամիսներուն գործարանը աւելիով պիտի հզօրանայ եւ այդպիսով ալ դրականօրէն ազդէ երկրի տնտեսութեան եւ քաղաքացիներու կեանքի բարելաւման վրայ։ 

  Նշենք, որ «Ալ Ուըսթա» գործարանը հիմնուած էր 2009-ին եւ անոր բացման ներկայ եղած էր նոյնինքն նախագահ՝ Տօքթ. Պաշշար Ասատը։