image

Շարլ Միշել. Պաքու եւ Ստեփանակերտ պէտք է բանակցին

Շարլ Միշել. Պաքու եւ Ստեփանակերտ պէտք է բանակցին

Ստեղծուած անորոշութեան պայմաններուն մէջ Եւրոպական միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել կոչ կ'ընէ հնարաւորինս շուտ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան նպատակով հանդիպում կայացնելու։ Այս մասին «Ազատութեան» հաղորդած է Եւրոպական միութեան բարձրաստիճան անանուն պաշտօնեան։

Եւրոմիութեան պաշտօնեայի խօսքով՝ Սոֆիայի մէջ նախատեսուած, սակայն չկայացած հանդիպումէն ետք Ստեփանակերտ-Պաքու նոր հանդիպման հարցը այս պահուն փակուղիի մէջ է, ընդ որում՝ նշած է, որ սեղանին որեւէ նոր առաջարկ չկայ, ու առայժմ յայտնի չէ՝ երբ եւ ուր կրնայ կողմերու յաջորդ հանդիպումը կայանալ։ Եւրոպացի պաշտօնեան պնդած է, թէ Պրիւքսէլը կը շարունակէ մնալ անշահախնդիր ու անկեղծ միջնորդ Պաքուի ու Երեւանի միջեւ բանակցութիւններու հարցով։

«Նախագահ Միշել ատրպէյճանական կողմին շեշտած է Լաչինի ճանապարհը բանալու անյապաղ անհրաժեշտութիւնը՝ համապատասխան Միջազգային քրէական դատարանի կանոնադրութեան, եւ որ կանխուի հետագայ լարուածութիւնը։ Ան նաեւ ի գիտութիւն կ'ընդունի ատրպէյճանական կողմի պատրաստակամութիւնը մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու այլ ճանապարհներով, ներառեալ՝ Աղտամով», -աւելցուցած է «Ազատութեան» աղբիւրը։