image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանն ու Իսրայէլը պիտի բանակցին

Լիբանանն ու Իսրայէլը պիտի բանակցին

Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք բանակցութիւնները պիտի ըլլան «Հըզնալլա»-ն զինաթափելու հարցի շուրջ։ Այս մասին յայտնած է Al Hadath արաբական գործակալութիւնը։

Կը նախատեսուի, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւնները կայացուին յաջորդ շաբաթ։

Իսրայէլի եւ Լիբանանի պատուիրակութիւններու միջեւ ուղիղ բանակցութիւնները պիտի սկսին ապրիլ 14-ին, հարթակը պիտի ըլլայ ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ Այս մասին դիմատետրի իր էջին յայտնած է Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունի գրասենեակը։

Հանդիպումն ուղղուած պիտի ըլլայ զինադադարի հաստատման եւ շարունակուող մարտական գործողութիւններու լոյսի ներքոյ ուղիղ երկխօսութեան մեկնարկին։ Ատոր նախաձեռնողը հանդէս եկած են լիբանանեան իշխանութիւնները։

Բանակցութիւններու նախապատրաստման շրջածիրէն ներս տեղի ունեցած է հեռախօսազրոյց երկու երկիրներու ներկայացուցիչներու միջեւ՝ ամերիկեան միջնորդներու մասնակցութեամբ, նշած է լիբանանեան առաջնորդի գրասենեակը։

Յիշեցնենք, որ ապրիլ 8-ին ԱՄՆ-ը եւ Իրանը պայմանաւորուած են երկշաբաթեայ զինադադարի շուրջ, սակայն Իսրայէլի հարուածները Լիբանանին շարունակուած են։

Թեհրանը կը պնդէ, որ հրադադարի ռեժիմը պէտք է տարածուի լիբանանեան տարածքի վրայ եւ այդ կ՚անուանէ բանակցութիւններու շարունակման անհրաժեշտ պայման։

Իսրայէլ Լիբանանի մէջ ռազմական գործողութիւններ սկսած է այն բանէ ետք, երբ «Հըզպալլա» շարժումը հարուածներ հասցուցած է Իսրայէլին՝ ի պատասխան Իրանի դէմ յարձակման։

Լիբանանի մէջ իսրայէլեան հարուածներու զոհերու թիւը գերազանցած է 1000-ը։ Շուրջ մէկ միլիոն մարդ տեղահանուած է։

Լիբանանի նախագահը խոստացած է զինաթափել «Հըզպալլա»-ն եւ ուղիղ բանակցութիւններ առաջարկած է Իսրայէլին՝ պատերազմին վերջ դնելու համար։