image

Շաքէ Կէօնճեանի նուէր՝ Լիբանանահայութեան. 50 հազար ամն տոլար

Շաքէ Կէօնճեանի նուէր՝ Լիբանանահայութեան.  50 հազար ամն տոլար

Նկատի ունենալով Լիբանանի շարունակուող տնտեսական տագնապալի կացութիւնը եւ լիբանանահայութեան օրըստօրէ բազմացող անմիջական կարիքները` քանատահայ ազգային բարերար Շաքէ Կէօնճեան 50 հազար քանատական տոլար նուիրեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Լիբանանի հայ համայնքին: Տիկին Կէօնճեան նուիրատուութեան վճարագիրը անցնող շաբաթավերջին յանձնեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին:

Նշենք նաեւ, որ 2021 թուականի սեպտեմբերին տիկին Կէօնճեան, անսալով ՀՅԴ Բիւրոյի լիբանանահայութեան ձեռք երկարելու կոչին, 50 հազար տոլար նուիրած էր:

Շ. Կէօնճեանի փափաքով Լիբանանի ազգային, կրթական, բարեսիրական եւ մամուլի մեր կառոյցներու կարիքներուն համար նախատեսուած այս նոր նուիրատուութիւնը պիտի բաշխուի հետեւեալ ձեւով.

$ 20.000 Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան

$ 10.000 Ազգային Միացեալ վարժարանին

$ 10.000 Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին

$ 5000 ԼՕԽ-ին

$ 5000 «Ազդակ»-ին

Ազգային բարերար տիկին Շաքէ Կէօնճեանի Լիբանանի հայութեան երախտարարութիւնները պերճախօս վկայութիւններ են իր ազգասէր ոգիին եւ ազգին անմնացորդ սատարելու իր հաւատարմութեան: