Արագածոտնի մարզի Շամիրամ գիւղին մէջ 5 տարի առաջ՝ 2017 թուականի 1 օգոստոսին, առանձնապէս ծանր յանցագործութիւն տեղի ունեցած է։ Համայնքի գերեզմանատան կից տեղակայուած սգոյ սրահին մէջ, ուր եզտիներն այդ օրը կը մասնակցէին իրենց՝ «Խէր» ազգային ծիսակատարութեան, Թելման Քալաշեանը ինքնաշարժով գացած է Շամիրամ համայնք: Հասնելով նշուած վայր՝ Քալաշեանը հրազէնով զինուած մուտք գործած է սգոյ սրահ, հայհոյած, ապա կրակոցներ արձակած է սրահին մէջ գտնուող բազմաթիւ անձանց ուղղութեամբ։
Արձակուած կրակոցներու հետեւանքով 4 անձ մահացած է, եւս 7-ը՝ ստացած տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ։ Դէպքէն ետք Թելման Քալաշեանը դիմած է փախուստի, որու ընթացքին կրակոցներ արձակած է նաեւ իր փախուստը կանխելու եւ բռնելու նպատակով իրեն հետապնդող քաղաքացիի նկատմամբ, որն ականատես եղած էր սգոյ սրահին մէջ կատարուած ողբերգութեան։
Շուրջ 24 օր անց հետախուզման մէջ գտնուող Քալաշեանը յայտնաբերուած եւ կալանաւորուած է։
Ձեռք բերուած ապացոյցներու համակցութեամբ՝ անոր մեղադրանք առաջադրուած է՝ ՀՀ ՔՕ 104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին եւ 6-րդ կէտերով, 235-րդ յօդուածի 1-ին մասով եւ 34-104-րդ յօդուածի 1-ին մասով։