image

Սերունդները պատերազմէն պաշտպանելու ճանապարհը մեր ապագան միասին կառուցելն է. Էրտողան 1915-ի պատմական իրողութիւնները ժխտող ուղերձ յղած է

Սերունդները պատերազմէն պաշտպանելու ճանապարհը մեր ապագան միասին կառուցելն է. Էրտողան 1915-ի պատմական իրողութիւնները ժխտող ուղերձ յղած է

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան Հայոց ցեղասպանութեան կապակցութեամբ յղած է ապրիլքսանչորսեան ցաւակցական ուղերձ, որ ան 2012 թուականէն ի վեր կը յղէ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանին եւ հայ համայնքին, յայտնած է agos.com.tr-ն։

«Այսօր անգամ մը եւս յարգանքով կը յիշատակեմ Օսմանեան կայսրութեան այն հայ հայրենակիցները, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն, անբարենպաստ պայմաններու տակ։ Իմ ցաւակցութիւնը կը յայտնեմ անոնց թոռներուն։

Ես Աստուծոյ ողորմութեամբ կ'աղօթեմ Օսմանեան կայսրութեան բոլոր այն հայրենակիցներու համար, որոնք զոհուեցան կամ նահատակուեցան հակամարտութիւններու, ապստամբութիւններու, հրոսակախումբերու յարձակումներու կամ ահաբեկչական գործողութիւններու հետեւանքով», -ըսուած է ուղերձին մէջ:

Էրտողանի խօսքով՝ «Օսմանեան հողերուն վրայ Ա. Աշխարհամարտի պատճառած աւերածութիւնները խորունկ հետքեր թողած են մեր յիշողութիւններու մէջ»։

«Միայն համատեղ ջանքերով կրնանք ապահովել շարունակութիւնը խաղաղութեան ու համերաշխութեան, զորս ժառանգած ենք մեր նախնիներէն։

Հայ հայրենակիցները մշակութային ու մարդասիրական իրենց գործունէութեամբ հարստացուցած են Անատոլուի հողերը։ Այդ հայրենակիցներու կեանքի ապահովութիւնը, բարեկեցութիւնն ու երջանկութիւնը այսօր ալ երաշխաւորուած են։ 

Մենք թոյլ չենք տուած ու թոյլ պիտի չտանք որ նոյնիսկ միակ հայ հայրենակից մը մեկուսացուի, լուսանցքի վրայ մնայ, ինքզինք երկրորդ կարգի հայրենակից զգայ իր հայրենի երկրին մէջ։

Կարեւոր է որ պատմական իրադարձութիւններուն անդրադառնանք մտքի, խղճի եւ գիտական մօտեցումներով, առանց տեղի տալու արմատական խօսոյթին, լուսանցքային տրամաբանութեան ու ատելութեան խօսքին։

Փորձենք ատելութեան սերմերը փրցնել իրարմէ չտարանջատելով ազգային յիշողութեան մէջ դաճուած իրադարձութիւնները։

Մենք կը հաւատանք որ կրնանք միասին ապագայ կառուցանել գալիք սերունդները պաշտպանելու համար բռնութեան ու պատերազմի պարոյրէն, այդ ամէնը ընելով դասեր քաղելով հասարակաց ցաւէն։

Այս մտածումներով եւ սրտակցութեամբ անգամ մը եւս կ'ողջունեմ հայ համայնքի արժէքաւոր անդամները», - ըսուած է ուղարձին մէջ։