Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ շնորհաւորած է Հայաստանի ժողովուրդը Անկախութեան 35-ամեակին առթիւ։ Ան ընդգծած է, որ Մինսքն ու Երեւանը կը միաւորեն պատմութեան ընդհանուր էջերը եւ մարդոց միջեւ անկեղծ համակրանքը, որ հիմք կը ծառայէ կառուցողական գործընկերութեան համար։
«Այս նշանակալից իրադարձութիւնը՝ ինքնիշխանութեան ձեռքբերման 35-ամեակը, կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի ձգտումը դէպի ազատ եւ ինքնուրոյն զարգացում, իրենց հարուստագոյն մշակոյթի պահպանում», ըսուած է շնորհաւորանքին մէջ։
Լուքաշենքօն նշած է, որ այսօր, երբ աշխարհը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ, յատկապէս արժէքաւոր կը դառնան ժամանակով ստուգուած բարեկամական կապերը։
«Մինսքն ու Երեւանը կը միաւորեն ոչ միայն պատմութեան ընդհանուր էջերը, այլեւ մարդոց միջեւ անկեղծ համակրանքը, որ ամուր հիմք է բաց եւ կառուցողական գործընկերութեան համար», ընդգծած է ան։
Ալեքսանտր Լուքաշենքօ Հայաստանի ժողովուրդին մաղթած է կայունութիւն եւ վաղուան օրուան նկատմամբ վստահութիւն։ «Թող իւրաքանչիւր տան մէջ տիրեն համերաշխութիւնն ու ուրախութիւնը», աւելցուցած է Պելառուսիոյ նախագահը։