Պրազիլ - Նախապէս յայտարարուած էր Պրազիլիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Ռիօ Տէ Ժանէրո նահանգի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին: Այս առթիւ «Արեւելք» կապ հաստատեց Սաու Փաուլոյի համալսարանի արուեստի եւ մշակոյթի բաժնի դասխօս Սարգիս Համբար Սարգիսեանին հետ: Սարգիսեան նշեց, որ 22 Յուլիսին Րիօ Տէ Ժանէրոյի նահանգապետ Լուիզ Ֆէրնանտո Պեզաո վաւերացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող օրէնքը: Մեր աղբիւրը նշեց, որ այդ օրէնքին հիման վրայ նահանգի ամբողջ տարածքին մէջ իւրաքանչիւր տարուան 24 Ապրիլը կը ճանչցուի, որպէս «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ յիշատակի օր»: Սարգիսեան նոյնպէս յայտնեց, որ Ռիոն Պրազիլիոյ 4-րդ նահանգն է, որ օրէնսդրօրէն կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Յիշեցնենք, որ Պրազիլիոյ դաշնային հանրապետութիւնը կը բաղկանայ տարածքային 27 միաւորներէ , բայց միայն Սաու Փալօ, Սեարա, Փարանա եւ Ռիօ Տէ Ժանէրո նահանգներն են, որ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: